Հայաստանի մէջ «Քորոնա» Ժահրով վարակուած անձերու հաստատուած թիւը հասաւ 8927 -ի

Հայաստանի մէջ, 30 մայիսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 8927 դէպք, որոնցմէ 3317 ը` առողջացած: Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ: «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 5435 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 57 081 քննութիւն: Այսպիսով` կայ «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 251 նոր դէպք եւ 20 առողջացած։ «Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն այսօր արձանագրուած է 7 մահուան դէպք (ընդհանուր մահերու թիւը հասաւ՝ 127): ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդները եղած են 82, 73, 70, 75, 76, 64 տարեկան տղամարդիկև 61 տարեկան կին, որոնք ունեցած են
30 Մայիսի 2020
3 ր. ընթերցում
Հայաստանի մէջ «Քորոնա» Ժահրով վարակուած անձերու հաստատուած թիւը հասաւ 8927 -ի

Հայաստանի մէջ, 30 մայիսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 8927 դէպք, որոնցմէ 3317 ը` առողջացած:

Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 5435 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 57 081 քննութիւն: Այսպիսով` կայ «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 251 նոր դէպք եւ 20 առողջացած։

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն այսօր արձանագրուած է 7 մահուան դէպք (ընդհանուր մահերու թիւը հասաւ՝ 127):

ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդները եղած են 82, 73, 70, 75, 76, 64 տարեկան տղամարդիկև 61 տարեկան կին, որոնք ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ:

Արձանագրուած է մահուան եւս 3 դէպք, երբ հիւանդին մօտ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային վարակ, սակայն մահուան պատճառ եղած է այլ հիւանդութիւն։ Այդպիսի դէպքերու ընդհանուր թիւը 48 է:

Ուժի միջոցով հարցի լուծման ճանապա՞րհ ընտրեր ես. պարոն Ալիեւ, մենք պատրաստ ենք. Արցախի նախագահ
Նախորդ նիւթը

Ուժի միջոցով հարցի լուծման ճանապա՞րհ ընտրեր ես. պարոն Ալիեւ, մենք պատրաստ ենք. Արցախի նախագահ

Պոլսոյ հայկական եկեղեցւոյ դրան վրայէն խաչը կոտրած անձը ձերբակալուեցաւ
Յաջորդ նիւթը

Պոլսոյ հայկական եկեղեցւոյ դրան վրայէն խաչը կոտրած անձը ձերբակալուեցաւ

ԱնցնիլՎեր