Հայաստանի մէջ «Քորոնա» Ժահրով վարակուած անձերու հաստատուած թիւը հասաւ 11817-ի

Հայաստանի մէջ, 5 յունիսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 11817 դէպք, որոնցմէ 3513ը` առողջացած: Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ: «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 8052 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 65 161 քննութիւն: Այսպիսով` կայ «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 596 նոր դէպք եւ 45 առողջացած։ «Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 7 նոր դէպք (ընդհանուր մահերու թիւը հասաւ՝ 183): ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդները եղած են 72, 78, 72 տարեկան տղամարդիկ եւ 69, 59, 33, 61 տարեկան կանայք։ Բոլորը ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական
5 Հունիսի 2020
3 ր. ընթերցում
Հայաստանի մէջ «Քորոնա» Ժահրով վարակուած անձերու հաստատուած թիւը հասաւ 11817-ի

Հայաստանի մէջ, 5 յունիսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 11817 դէպք, որոնցմէ 3513ը` առողջացած:

Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 8052 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 65 161 քննութիւն: Այսպիսով` կայ «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 596 նոր դէպք եւ 45 առողջացած։

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 7 նոր դէպք (ընդհանուր մահերու թիւը հասաւ՝ 183):

ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդները եղած են 72, 78, 72 տարեկան տղամարդիկ եւ 69, 59, 33, 61 տարեկան կանայք։ Բոլորը ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։

Արձանագրուած է մահուան եւս 1 դէպք, երբ հիւանդին մօտ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային վարակ, սակայն մահուան պատճառ եղած է այլ հիւանդութիւն։ Այդպիսի դէպքերու ընդհանուր թիւը 69 է:

Աշխարհի մէջ վարակակիրներու թիւը հատեց 6,5 մլիոնը
Նախորդ նիւթը

Աշխարհի մէջ վարակակիրներու թիւը հատեց 6,5 մլիոնը

«Քորոնա» ժահրի դէմ պայքարին Վրաստանը պատրաստ է օգնել Հայաստանին
Յաջորդ նիւթը

«Քորոնա» ժահրի դէմ պայքարին Վրաստանը պատրաստ է օգնել Հայաստանին

ԱնցնիլՎեր