Հայաստանի մէջ «Քորոնա» Ժահրով վարակուած անձերու հաստատուած թիւը հասաւ 532-ի

ՀՀ առողջապահութեան նախարարութիւնը,  31 մարտին ամփոփելով 30 մարտի տուեալները, յայտարարած է, որ կայ «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան հաստատուած 50 նոր դէպք:  Այս մասին Ֆեյսպուքի իր էջին տեղեկացուցած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարի մամուլի խօսնակ Ալինա Նիկողոսեանը: «Անոնցմէ 23-ը գտնուած է քարանթինի մէջ, 24-ը հաստատուած դէպքի հետ շփում ունեցած է: Երեք դէպքի շփման շրջանակ կը պարզուի»,- նշած է Նիկողոսեանը: Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրի հաստատուած դէպքերու թիւը հասած է 532-ի, արձանագրուած է մահուան 3 դէպք։  Երեսուն հիւանդ ապաքինուած է։   
31 Մարտի 2020
1 ր. ընթերցում
Հայաստանի մէջ «Քորոնա» Ժահրով վարակուած անձերու հաստատուած թիւը հասաւ 532-ի

ՀՀ առողջապահութեան նախարարութիւնը,  31 մարտին ամփոփելով 30 մարտի տուեալները, յայտարարած է, որ կայ «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան հաստատուած 50 նոր դէպք: 

Այս մասին Ֆեյսպուքի իր էջին տեղեկացուցած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարի մամուլի խօսնակ Ալինա Նիկողոսեանը:

«Անոնցմէ 23-ը գտնուած է քարանթինի մէջ, 24-ը հաստատուած դէպքի հետ շփում ունեցած է: Երեք դէպքի շփման շրջանակ կը պարզուի»,- նշած է Նիկողոսեանը:

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրի հաստատուած դէպքերու թիւը հասած է 532-ի, արձանագրուած է մահուան 3 դէպք։  Երեսուն հիւանդ ապաքինուած է։ 

 

Ոսոխի կրակոցներէն վիրաւորուած երեխայի կեանքը վտանգուած չէ
Նախորդ նիւթը

Ոսոխի կրակոցներէն վիրաւորուած երեխայի կեանքը վտանգուած չէ

Ստիպուած ենք 10 օրով երկարաձգել խստացուած սահմանափակումները. Փաշինեան
Յաջորդ նիւթը

Ստիպուած ենք 10 օրով երկարաձգել խստացուած սահմանափակումները. Փաշինեան

ԱնցնիլՎեր