Ոսոխի կրակոցներէն վիրաւորուած երեխայի կեանքը վտանգուած չէ

Տաւուշի մարզի Ոսկեւան համայնքի մէջ հակառակորդի կրակոցէն վիրաւորում ստացած երեխայի վիճակը կայուն է, գանգատներ չունի, կեանքին վտանգ չի սպառնար: Այս մասին ֆեյսպուքեան էջին գրած է ԲԿ–ի մամուլի քարտուղար Գէորգ Դերձեանը։ «Կը գտնուիմ «Սուրբ Աստուածամայր» ԲԿ-ի վերակենդանացման բաժանմունք: Երկրորդ վիրահատութեան անհրաժեշտութիւն բժիշկներն այս պահուն չեն տեսներ: Երեխան հակաակորդի կողմէ հրազէնային վնասուածք ստացած էր կրծքավանդակի շրջանին, իրականացուած էր անհրաժեշտ առաջին բուժօգնութիւնը։ Նոյեմբերեանի բուժկեդրոնին մէջ կատարուած էր վիրահատութիւն»,-նշած է ան: Նշենք, որ երէկ, Տաւուշի մարզի Նոյեմբերեանի շրջանի հայկական դիրքերու ուղղութեամբ ատրպէյճանական կողմը ներթափանցման փորձ կատարած է, հակառակորդը ետ շպրտուած է, սակայն միաժամանակ թիրախի տակ յայտնուած են Բաղանիս եւ Ոսկեւան գիւղերը. Վիրաւորուած է Ոսկեւան գիւղի բնակիչ երեխայ մը: 
31 Մարտի 2020
2 ր. ընթերցում
Ոսոխի կրակոցներէն վիրաւորուած երեխայի կեանքը վտանգուած չէ

Տաւուշի մարզի Ոսկեւան համայնքի մէջ հակառակորդի կրակոցէն վիրաւորում ստացած երեխայի վիճակը կայուն է, գանգատներ չունի, կեանքին վտանգ չի սպառնար: Այս մասին ֆեյսպուքեան էջին գրած է ԲԿ–ի մամուլի քարտուղար Գէորգ Դերձեանը։

«Կը գտնուիմ «Սուրբ Աստուածամայր» ԲԿ-ի վերակենդանացման բաժանմունք: Երկրորդ վիրահատութեան անհրաժեշտութիւն բժիշկներն այս պահուն չեն տեսներ:

Երեխան հակաակորդի կողմէ հրազէնային վնասուածք ստացած էր կրծքավանդակի շրջանին, իրականացուած էր անհրաժեշտ առաջին բուժօգնութիւնը։ Նոյեմբերեանի բուժկեդրոնին մէջ կատարուած էր վիրահատութիւն»,-նշած է ան:

Նշենք, որ երէկ, Տաւուշի մարզի Նոյեմբերեանի շրջանի հայկական դիրքերու ուղղութեամբ ատրպէյճանական կողմը ներթափանցման փորձ կատարած է, հակառակորդը ետ շպրտուած է, սակայն միաժամանակ թիրախի տակ յայտնուած են Բաղանիս եւ Ոսկեւան գիւղերը. Վիրաւորուած է Ոսկեւան գիւղի բնակիչ երեխայ մը: 

Հայաստանի առողջապահական համակարգը պիտի համալրուի 100 շնչառական սարքով, 60 հազար փորձարկիչով
Նախորդ նիւթը

Հայաստանի առողջապահական համակարգը պիտի համալրուի 100 շնչառական սարքով, 60 հազար փորձարկիչով

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» Ժահրով վարակուած անձերու հաստատուած թիւը հասաւ 532-ի
Յաջորդ նիւթը

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» Ժահրով վարակուած անձերու հաստատուած թիւը հասաւ 532-ի

ԱնցնիլՎեր