Հայաստանի առողջապահական համակարգը պիտի համալրուի 100 շնչառական սարքով, 60 հազար փորձարկիչով

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ կառավարութեան մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ «Քորոնա» ժահրի տարածումը կանխարգիլող աշխատանքները համակարգող յանձնաժողովի նիստը: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ կառավարութենէն: Առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան նախ անդրադարձած է «Քորոնա» ժահրով վարակաւածներու դէպքերուն եւ վարակուած անձերու առողջական վիճակին: Զեկուցուած է, որ յառաջիկայ օրերուն ՀՀ առողջապահական համակարգը պիտի համալրուի նոր սարքաւորումներով, մասնաւորապէս, 100 շնչառական գործիքներով, 60 հազար փորձարկիչով, այլ պարագաներով` դիմակներով, բժշկական յատուկ հագուստով, ակնոցներով եւ այլն:   Այնուհետեւ քննարկուած են «Քորոնա» ժահրի տարածումը կանխարգիլելուն ուղղուած քայլերուն, համաճարակաբանական խնդրի կառավարելիութեան, տեղաշարժի եւ տնտեսական գործունէութեան սահմանափակումներուն վերաբերող հարցեր:  Ամփոփելով՝ վարչապետը յանձնարարած է ներկայացնել համապատասխան որոշման նախագիծ՝ հաշուի առնելով քննարկման ընթացքին ներկայացուած
31 Մարտի 2020
3 ր. ընթերցում
Հայաստանի առողջապահական համակարգը պիտի համալրուի 100 շնչառական սարքով, 60 հազար փորձարկիչով

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ կառավարութեան մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ «Քորոնա» ժահրի տարածումը կանխարգիլող աշխատանքները համակարգող յանձնաժողովի նիստը: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ կառավարութենէն:

Առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան նախ անդրադարձած է «Քորոնա» ժահրով վարակաւածներու դէպքերուն եւ վարակուած անձերու առողջական վիճակին:

Զեկուցուած է, որ յառաջիկայ օրերուն ՀՀ առողջապահական համակարգը պիտի համալրուի նոր սարքաւորումներով, մասնաւորապէս, 100 շնչառական գործիքներով, 60 հազար փորձարկիչով, այլ պարագաներով` դիմակներով, բժշկական յատուկ հագուստով, ակնոցներով եւ այլն:  

Այնուհետեւ քննարկուած են «Քորոնա» ժահրի տարածումը կանխարգիլելուն ուղղուած քայլերուն, համաճարակաբանական խնդրի կառավարելիութեան, տեղաշարժի եւ տնտեսական գործունէութեան սահմանափակումներուն վերաբերող հարցեր: 

Ամփոփելով՝ վարչապետը յանձնարարած է ներկայացնել համապատասխան որոշման նախագիծ՝ հաշուի առնելով քննարկման ընթացքին ներկայացուած առաջարկութիւններն ու դիտարկումները: 

«Քորոնա»ի հետեւանքով Հայաստան 135 միլիոն տոլարի կորուստ ունեցաւ
Նախորդ նիւթը

«Քորոնա»ի հետեւանքով Հայաստան 135 միլիոն տոլարի կորուստ ունեցաւ

Ոսոխի կրակոցներէն վիրաւորուած երեխայի կեանքը վտանգուած չէ
Յաջորդ նիւթը

Ոսոխի կրակոցներէն վիրաւորուած երեխայի կեանքը վտանգուած չէ

ԱնցնիլՎեր