Հայաստանի մէջ «Քորոնա» վարակէն բուժուածներուն թիւը հասաւ 14-ի

Հայաստանի մէջ 24 Մարտին, ժամը 21:00-ի դրութեամբ «քորոնա» ժահրէն  ապաքինուած է 14 քաղաքացի, մեկուսացումէն դուրս եկած է 88 հոգի: Այս մասին Facebook-ի իր էջին գրած է ՀՀ առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան: «Այսօր գումարային ունինք հետեւեալ դրական արդիւնքները. բուժուած 14 քաղաքացի, որուն 12-ը մեկուսացման մէջ եղած քաղաքացիներէն, որոնց մօտ հաստատուած էր ժահրը, բայց անոնք որեւէ գանգատ չունէին եւ հիւանդանոց չէին մտած, իսկ միւս 2-ը Վարակաբանական հիւանդանուցին մէջ բուժուող քաղաքացիներն էին (արդէն իսկ այսօր յայտարարուած): Վարակաբանական հիւանդանոցին մէջ բուժուող եւս 2 քաղաքացիի մօտ ժահրի զննման արդիւնքը բացասական է, վաղը կրկնելէ եւ բացասական պատասխանէ ետք, անոնք նոյնպէս դուրս կու գան հիւանդանոցէն: Մեկուսացումէ դուրս
25 Մարտի 2020
2 ր. ընթերցում
Հայաստանի մէջ «Քորոնա» վարակէն բուժուածներուն թիւը հասաւ 14-ի

Հայաստանի մէջ 24 Մարտին, ժամը 21:00-ի դրութեամբ «քորոնա» ժահրէն  ապաքինուած է 14 քաղաքացի, մեկուսացումէն դուրս եկած է 88 հոգի: Այս մասին Facebook-ի իր էջին գրած է ՀՀ առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան:

«Այսօր գումարային ունինք հետեւեալ դրական արդիւնքները. բուժուած 14 քաղաքացի, որուն 12-ը մեկուսացման մէջ եղած քաղաքացիներէն, որոնց մօտ հաստատուած էր ժահրը, բայց անոնք որեւէ գանգատ չունէին եւ հիւանդանոց չէին մտած, իսկ միւս 2-ը Վարակաբանական հիւանդանուցին մէջ բուժուող քաղաքացիներն էին (արդէն իսկ այսօր յայտարարուած): Վարակաբանական հիւանդանոցին մէջ բուժուող եւս 2 քաղաքացիի մօտ ժահրի զննման արդիւնքը բացասական է, վաղը կրկնելէ եւ բացասական պատասխանէ ետք, անոնք նոյնպէս դուրս կու գան հիւանդանոցէն: Մեկուսացումէ դուրս եկած է ընդհանուր 88 քաղաքացի` 37-ը իրենց շէնքին մէջ մեկուսացուածներէն (արդէն իսկ այսօր յայտարարուած), իսկ 51-ը` յատուկ վայրի մէջ մեկուսացուածներէն»,- գրած է Թորոսեանը:

Ճափոնի մէջ կայացուելիք Ողիմպիական խաղերը յետաձգուեցան
Նախորդ նիւթը

Ճափոնի մէջ կայացուելիք Ողիմպիական խաղերը յետաձգուեցան

ՀՀ ոստիկանութիւնը բնակչութեան կը յորդորէ խստագոյնս սահմանափակել բնակարաններէն դուրս գալը
Յաջորդ նիւթը

ՀՀ ոստիկանութիւնը բնակչութեան կը յորդորէ խստագոյնս սահմանափակել բնակարաններէն դուրս գալը

ԱնցնիլՎեր