Ճափոնի մէջ կայացուելիք Ողիմպիական խաղերը յետաձգուեցան

Թոքիոյի ողիմպիական ամառնային խաղերը «Քորոնա» ժահրի համաճարակի պատճառով մէկ տարիով պիտի յետաձգուին: Ճափոնի վարչապետ Սինձօ Ապէն լրագրողներուն ըսած է, թէ Միջազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Թոմաս Պախի հետ զրոյցի ընթացքին առաջարկած է մէկ տարիով յետաձգել Ողիմպիատան: Ըստ վարչապետին, Թոմաս Պախը 100 տոկոսով համաձայնած է: «Խաղաղ ժամանակներու համար աննախադէպ այս որոշումը ընդունուած է` հաշուի առնելով առկայ իրավիճակը: Բոլոր կողմերը մարզիկներու եւ հանդիսատեսի համար ապահով եւ անվտանգ միջավայր կը ցանկան», — նշած է Ճափոնի վարչապետը: Միջազգային ողիմպիական կոմիտէն յայտնած է, որ խաղերը տեղի կ’ունենան ոչ ուշ, քան 2021 թուականի ամառը, բայց կը կոչուին Թոքիոյի ողիմպիատա 2020:
25 Մարտի 2020
2 ր. ընթերցում
Ճափոնի մէջ կայացուելիք Ողիմպիական խաղերը յետաձգուեցան

Թոքիոյի ողիմպիական ամառնային խաղերը «Քորոնա» ժահրի համաճարակի պատճառով մէկ տարիով պիտի յետաձգուին: Ճափոնի վարչապետ Սինձօ Ապէն լրագրողներուն ըսած է, թէ Միջազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Թոմաս Պախի հետ զրոյցի ընթացքին առաջարկած է մէկ տարիով յետաձգել Ողիմպիատան: Ըստ վարչապետին, Թոմաս Պախը 100 տոկոսով համաձայնած է:

«Խաղաղ ժամանակներու համար աննախադէպ այս որոշումը ընդունուած է` հաշուի առնելով առկայ իրավիճակը: Բոլոր կողմերը մարզիկներու եւ հանդիսատեսի համար ապահով եւ անվտանգ միջավայր կը ցանկան», — նշած է Ճափոնի վարչապետը:

Միջազգային ողիմպիական կոմիտէն յայտնած է, որ խաղերը տեղի կ’ունենան ոչ ուշ, քան 2021 թուականի ամառը, բայց կը կոչուին Թոքիոյի ողիմպիատա 2020:

Հետախուզում Երեւանի նախկին քաղաքապետ՝  Գագիկ Բեկլարեանի նկատմամբ
Նախորդ նիւթը

Հետախուզում Երեւանի նախկին քաղաքապետ՝  Գագիկ Բեկլարեանի նկատմամբ

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» վարակէն բուժուածներուն թիւը հասաւ 14-ի
Յաջորդ նիւթը

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» վարակէն բուժուածներուն թիւը հասաւ 14-ի

ԱնցնիլՎեր