Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան մասնակցած է Ճափոնի նոր կայսրի գահակալութեան արարողութեան

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան իր կնոջ` Նունէ Սարգսեանի հետ Ճափոնի կառավարութեան հրաւէրով Թոքիոյի մէջ ներկայ գտնուեցաւ Ճափոնի նոր կայսեր` Նարուհիթոյի գահակալութեան հանդիսաւոր տօնակատարութեան, կը հաղորդէ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ ծառայութիւնը: Ճափոնի կայսերական պալատին մէջ տեղի ունեցած արարողութեան ներկայ գտնուեցան պատուիրակներ աշխարհի 183 երկիրներէ, ներառեալ` թագաւորական ընտանիքներ, պետութիւններու ու կառավարութիւններու ղեկավարներ, այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, միջազգային կազմակերպութիւններու ղեկավարներ: Ճափոն գտնուելուն ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան առանձին հանդիպումներ ունեցաւ Էսթոնիոյ Հանրապետութեան նախագահ Քըրսթի Քալիոլայտի եւ Սերպիոյ վարչապետ Անա Պռնապիչի հետ:
23 Հոկտեմբերի 2019
2 ր. ընթերցում
Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան մասնակցած է Ճափոնի նոր կայսրի գահակալութեան արարողութեան

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան իր կնոջ` Նունէ Սարգսեանի հետ Ճափոնի կառավարութեան հրաւէրով Թոքիոյի մէջ ներկայ գտնուեցաւ Ճափոնի նոր կայսեր` Նարուհիթոյի գահակալութեան հանդիսաւոր տօնակատարութեան, կը հաղորդէ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ ծառայութիւնը:

Ճափոնի կայսերական պալատին մէջ տեղի ունեցած արարողութեան ներկայ գտնուեցան պատուիրակներ աշխարհի 183 երկիրներէ, ներառեալ` թագաւորական ընտանիքներ, պետութիւններու ու կառավարութիւններու ղեկավարներ, այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, միջազգային կազմակերպութիւններու ղեկավարներ:

Ճափոն գտնուելուն ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան առանձին հանդիպումներ ունեցաւ Էսթոնիոյ Հանրապետութեան նախագահ Քըրսթի Քալիոլայտի եւ Սերպիոյ վարչապետ Անա Պռնապիչի հետ:

Քոնկրէսականները քննարկած են Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման մասին օրէնսդրական նախագիծը
Նախորդ նիւթը

Քոնկրէսականները քննարկած են Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման մասին օրէնսդրական նախագիծը

Հայաստանի մասին լսումներ ԱՄՆ Քոնկրէսէն ներս
Յաջորդ նիւթը

Հայաստանի մասին լսումներ ԱՄՆ Քոնկրէսէն ներս

ԱնցնիլՎեր