Հայաստանի ՊՆ-ն կը ստուգէ Ատրպէյճանին ֆոսֆորային զէնքի մատակարարումներու մասին տուեալները

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը ստուգէ Ատրպէյճանին ֆոսֆորային զէնքի մատակարարումներու մասին տուեալները: Այնուամենայնիւ, ՀՀ ՊՆ ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեանը 2 նոյեմբերի երեկոյեան կայացած ճեպազրոյցի ժամանակ արտադրողի եւ մատակարարի վերաբերեալ հարցին պատասխանած է, որ ինքը դեռ չի կրնար տուեալներ տրամադրել: Նախօրէին ատրպէյճանական զինուած ուժերը ֆոսֆորային (բոցավառուող) զէնք օգտագործած են, որ կրնայ բնապահպանական աղէտի պատճառ դառնալ: Արդէն տեղեկութիւններ կան, որ այրած է շուրջ 150 հա անտառ: Աւելի քան 50 կազմակերպութիւններ հանդէս եկած են յայտարարութեամբ, որուն մէջ խստօրէն դատապարտած են Ատրպէյճանի կողմէ ֆոսֆորային զինամթերքի օգտագործումը:
3 Նոյեմբերի 2020
2 ր. ընթերցում
Հայաստանի ՊՆ-ն կը ստուգէ Ատրպէյճանին ֆոսֆորային զէնքի մատակարարումներու մասին տուեալները

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը ստուգէ Ատրպէյճանին ֆոսֆորային զէնքի մատակարարումներու մասին տուեալները:

Այնուամենայնիւ, ՀՀ ՊՆ ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեանը 2 նոյեմբերի երեկոյեան կայացած ճեպազրոյցի ժամանակ արտադրողի եւ մատակարարի վերաբերեալ հարցին պատասխանած է, որ ինքը դեռ չի կրնար տուեալներ տրամադրել:

Նախօրէին ատրպէյճանական զինուած ուժերը ֆոսֆորային (բոցավառուող) զէնք օգտագործած են, որ կրնայ բնապահպանական աղէտի պատճառ դառնալ: Արդէն տեղեկութիւններ կան, որ այրած է շուրջ 150 հա անտառ: Աւելի քան 50 կազմակերպութիւններ հանդէս եկած են յայտարարութեամբ, որուն մէջ խստօրէն դատապարտած են Ատրպէյճանի կողմէ ֆոսֆորային զինամթերքի օգտագործումը:

Փութին ղարաբաղեան կարգաւորման հարցը քննարկած է Փաշինեանի ու Ալիեւի հետ
Նախորդ նիւթը

Փութին ղարաբաղեան կարգաւորման հարցը քննարկած է Փաշինեանի ու Ալիեւի հետ

Ատրպէյճանը օդային հարուածներ հասցուցած է Շուշիին, կիրառած է ողկուզային ռումբեր. Շուշիի քաղաքապետ
Յաջորդ նիւթը

Ատրպէյճանը օդային հարուածներ հասցուցած է Շուշիին, կիրառած է ողկուզային ռումբեր. Շուշիի քաղաքապետ

ԱնցնիլՎեր