Հայաստանի Սահմանադրական Դատարանը 3 նոր դատաւոր ունեցաւ

Սահմանադրական դատարանը (ՍԴ) երեք նոր դատաւոր ունի։ Ազգային ժողովը 15 Սեպտեմբերին ընտրեց բոլոր երեք թեկնածուները՝ Երուանդ Խունդկարեան, Էտկար Շաթիրեան եւ Արթուր Վաղարշեան: Խունդկարեանի թեկնածութիւնը առաջադրած էր Դատաւորներու ընդհանուր ժողովը, Վաղարշեանինը՝ նախագահը, Շաթիրեանինը՝ կառավարութիւնը: Ընդդիմադիր երկու խմբակցութիւնները քուէարկութեան, ինչպէս յայտարարած էին երէկ, չմասնակցեցան: «Սահմանադրական դատարանի համար առաջադրուած է Երուանդ Խունդկարեանի թեկնածութիւնը, իսկ ձայները բաշխուած են հետեւեալ կերպ՝ կողմ՝ 84, դէմ՝ 2: Սահմանադրական դատարանի դատաւորի ընտրութեան համար առաջադրուած է Արթուր Վաղարշեանի թեկնածութիւնը, քուէատուփին մէջ առկայ էր 88 քուէաթերթիկ, որոնցմէ անվաւեր ճանաչուեցաւ մէկը, իսկ ձայները բաշխուած են հետեւեալ կերպ՝ կողմ՝ 86, դէմ՝ 1: Սահմանադրական դատարանի դատաւորի ընտրութեան համար առաջադրուած է Էտկար Շաթիրեանի թեկնածութիւնը, անոր ազգանունն ընդգրկուած է
16 Սեպտեմբերի 2020
4 ր. ընթերցում
Հայաստանի Սահմանադրական Դատարանը 3 նոր դատաւոր ունեցաւ

Սահմանադրական դատարանը (ՍԴ) երեք նոր դատաւոր ունի։

Ազգային ժողովը 15 Սեպտեմբերին ընտրեց բոլոր երեք թեկնածուները՝ Երուանդ Խունդկարեան, Էտկար Շաթիրեան եւ Արթուր Վաղարշեան: Խունդկարեանի թեկնածութիւնը առաջադրած էր Դատաւորներու ընդհանուր ժողովը, Վաղարշեանինը՝ նախագահը, Շաթիրեանինը՝ կառավարութիւնը:

Ընդդիմադիր երկու խմբակցութիւնները քուէարկութեան, ինչպէս յայտարարած էին երէկ, չմասնակցեցան:

«Սահմանադրական դատարանի համար առաջադրուած է Երուանդ Խունդկարեանի թեկնածութիւնը, իսկ ձայները բաշխուած են հետեւեալ կերպ՝ կողմ՝ 84, դէմ՝ 2: Սահմանադրական դատարանի դատաւորի ընտրութեան համար առաջադրուած է Արթուր Վաղարշեանի թեկնածութիւնը, քուէատուփին մէջ առկայ էր 88 քուէաթերթիկ, որոնցմէ անվաւեր ճանաչուեցաւ մէկը, իսկ ձայները բաշխուած են հետեւեալ կերպ՝ կողմ՝ 86, դէմ՝ 1: Սահմանադրական դատարանի դատաւորի ընտրութեան համար առաջադրուած է Էտկար Շաթիրեանի թեկնածութիւնը, անոր ազգանունն ընդգրկուած է գաղտնի քուէարկութեան քուէաթերթիկին մէջ. կողմ՝ 85, դէմ՝ 3», — յայտարարած է Վահագն Մակուչեանը:

Ընտրուած դատաւորները իրենց լիազօրութիւնը կը ստանձնեն ԱԺ-ի մէջ երդման արարողութենէն յետոյ։ 

ՍԴ -ի թափուր տեղերը առաջացան Յունիսին ընդունուած սահմանադրական փոփոխութիւններու ընդունուելէն յետոյ, երբ ՍԴ-ի նախագահի պաշտօնէն հեռացուեցաւ Հրայր Թոմվասեանը եւ իրենց պաշտօնը կորսնցուցին 12 տարիէն աւելի պաշտօնավարած երեք դատաւորները։

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 46 376-ի
Նախորդ նիւթը

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 46 376-ի

ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբէն հրաւէր. Պէտք է հանդիպին Հայաստանի եւ Ատրպէյճան ԱԳ նախարարները
Յաջորդ նիւթը

ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբէն հրաւէր. Պէտք է հանդիպին Հայաստանի եւ Ատրպէյճան ԱԳ նախարարները

ԱնցնիլՎեր