Հայաստանն աշխարհի հետ պիտի կապուի ոչ թէ 7, այլ 17 նոր ուղղութիւններով. Ryanair-ի առաջին վայրէջքը՝ «Զուարթնոց»

Երէկ Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ վայրէջք կատարած է Ryanair-ի Միլան-Երեւան- Միլան թռիչքի առաջին օդանաւը:  Վայրէջք կատարող օդանաւն անցած է ջրային կամարի տակէն: Ժամանած հիւրերը օդակայանին մէջ դիմաւորած են Հայաստանի Քաղաքացիական օդագնացութեան կոմիտէի նախագահ Տաթեւիկ Ռեւազեանը եւ ՀՀ տնտեսութեան նախարարութեան Զբօսաշրջութեան կոմիտէի ղեկավար Սուսաննա Սաֆարեանը: Պիւտճէթային Ryanair ընկերութիւնը Յունուար 3-ին սկսած է տոմսերու վաճառքը եւս 2 նոր ուղղութիւններու համար` Գիւմրի-Աթենք եւ Երեւան-Սալոնիք: Տաթեւիկ Ռեւազեանը յայտնած է նաեւ, որ Հայաստանն աշխարհի հետ պիտի կապուի ոչ թէ 7, այլ 17 նոր ուղղութիւններով։ Օդանաւային ընկերութիւնը դէպի Երեւան թռիչք իրականացուցած է նաեւ Հռոմէն, որ ժամանած է երէկգիշեր: Նշենք նաեւ, որ Իտալիոյ Օդային երթեւեկութեան կառավարման որոշ արհմիութիւններ երէկ 4
15 Հունվարի 2020
2 ր. ընթերցում
Հայաստանն աշխարհի հետ պիտի կապուի ոչ թէ 7, այլ 17 նոր ուղղութիւններով. Ryanair-ի առաջին վայրէջքը՝ «Զուարթնոց»

Երէկ Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ վայրէջք կատարած է Ryanair-ի Միլան-Երեւան- Միլան թռիչքի առաջին օդանաւը: 

Վայրէջք կատարող օդանաւն անցած է ջրային կամարի տակէն:

Ժամանած հիւրերը օդակայանին մէջ դիմաւորած են Հայաստանի Քաղաքացիական օդագնացութեան կոմիտէի նախագահ Տաթեւիկ Ռեւազեանը եւ ՀՀ տնտեսութեան նախարարութեան Զբօսաշրջութեան կոմիտէի ղեկավար Սուսաննա Սաֆարեանը:

Պիւտճէթային Ryanair ընկերութիւնը Յունուար 3-ին սկսած է տոմսերու վաճառքը եւս 2 նոր ուղղութիւններու համար` Գիւմրի-Աթենք եւ Երեւան-Սալոնիք: Տաթեւիկ Ռեւազեանը յայտնած է նաեւ, որ Հայաստանն աշխարհի հետ պիտի կապուի ոչ թէ 7, այլ 17 նոր ուղղութիւններով։

Օդանաւային ընկերութիւնը դէպի Երեւան թռիչք իրականացուցած է նաեւ Հռոմէն, որ ժամանած է երէկգիշեր:

Նշենք նաեւ, որ Իտալիոյ Օդային երթեւեկութեան կառավարման որոշ արհմիութիւններ երէկ 4 ժամ տեւողութեամբ գործադուլ յայտարարած էին, որուն հետեւանքով յետաձգուած էր թռիչքի ժամը:

Հայաստանէն գաղթի ալիքը դէպի նուազում
Նախորդ նիւթը

Հայաստանէն գաղթի ալիքը դէպի նուազում

Ատրպէյճանի ՊԱԾ ղեկավարը կարգադրած է սպանել պլոկըր Ալեքսանտր Լափշինը՞
Յաջորդ նիւթը

Ատրպէյճանի ՊԱԾ ղեկավարը կարգադրած է սպանել պլոկըր Ալեքսանտր Լափշինը՞

ԱնցնիլՎեր