Հայաստանն ու Ատրպէյճանը պէտք է ետ քաշեն իրենց զօրքերը․ Եւրոպացի պաշտօնատար

Մէկ-երկու կէտ կայ, ուր հայկական զօրքերն են սահմանային տարածքներուն մէջ։ Ասուլիսի ժամանակ յայտարարած է Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Անտրէա Վիքթորինը: «Յոյսով եմ երկու կողմերն ալ իրենց զօրքերը կը հանեն եւ բոլորը կ’անցնին սահմանազատման եւ սահմանագծման աշխատանքներուն։ Յստակ նշուած է, որ մէկ-երկու կէտ կայ, ուր հայկական զօրքերն են, ըսենք, սահմանային տարածքներու մէջ եւ շատ յստակ սահմանազատում եւ սահմանագծում պէտք է ըլլայ: Այդ եղած է պրիւքսէլեան ձևակերպումը»,-նշած է Վիքթորինը։ Իսկ թէ որ հատուածներու մասին է խօսքը, Վիքթորինը չէ յստակեցուցած՝ ըսելով, որ մանրամասներուն ծանօթ չէ եւ այդ մասին լսած է բանակցութիւններէն։
15 Մայիսի 2023
2 ր. ընթերցում
Հայաստանն ու Ատրպէյճանը պէտք է ետ քաշեն իրենց զօրքերը․ Եւրոպացի պաշտօնատար

Մէկ-երկու կէտ կայ, ուր հայկական զօրքերն են սահմանային տարածքներուն մէջ։ Ասուլիսի ժամանակ յայտարարած է Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Անտրէա Վիքթորինը:

«Յոյսով եմ երկու կողմերն ալ իրենց զօրքերը կը հանեն եւ բոլորը կ’անցնին սահմանազատման եւ սահմանագծման աշխատանքներուն։ Յստակ նշուած է, որ մէկ-երկու կէտ կայ, ուր հայկական զօրքերն են, ըսենք, սահմանային տարածքներու մէջ եւ շատ յստակ սահմանազատում եւ սահմանագծում պէտք է ըլլայ: Այդ եղած է պրիւքսէլեան ձևակերպումը»,-նշած է Վիքթորինը։

Իսկ թէ որ հատուածներու մասին է խօսքը, Վիքթորինը չէ յստակեցուցած՝ ըսելով, որ մանրամասներուն ծանօթ չէ եւ այդ մասին լսած է բանակցութիւններէն։

Թուրքիոյ ընտրութիւնները դէպի երկրորդ փուլ
Նախորդ նիւթը

Թուրքիոյ ընտրութիւնները դէպի երկրորդ փուլ

Էրտողանի գլխաւորած դաշինքը խորհրդարանական մեծամասնութիւն պիտի կազմէ
Յաջորդ նիւթը

Էրտողանի գլխաւորած դաշինքը խորհրդարանական մեծամասնութիւն պիտի կազմէ

ԱնցնիլՎեր