Հայաստան.«Քորոնա»ով վարակուածներուն թիւը հասաւ 1596-ի

Հայաստանի մէջ արձանագրուած է «Քորոնա» ժահրով վարակուելու 73 նոր դէպք: Այս մասին նշուած է ՀՀ ԱՆ հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ: Հայաստանի մէջ 24 ապրիլին՝ ժամը 11:00-ի դրութեամբ «Քորոնա» ժահրի հաստատուած դէպքերու ընդհանուր թիւը 1596 է, արձանագրուած է մահուան 27 դէպք (աւելցած է եւս 3 դէպք): Ընդհանուր առմամբ կատարուած է 16 հազար 552 քննութիւն։ Ապաքինուած հիւանդներու թիւն աւելցած է 69-ով, եւ բուժուածներու գումարային թիւը դարձած է 728։ Այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 841 հիւանդ: ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդները եղած են 87, 84 եւ 81 տարեկան եւ ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։
24 Ապրիլի 2020
2 ր. ընթերցում
Հայաստան.«Քորոնա»ով վարակուածներուն թիւը հասաւ 1596-ի

Հայաստանի մէջ արձանագրուած է «Քորոնա» ժահրով վարակուելու 73 նոր դէպք:

Այս մասին նշուած է ՀՀ ԱՆ հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:

Հայաստանի մէջ 24 ապրիլին՝ ժամը 11:00-ի դրութեամբ «Քորոնա» ժահրի հաստատուած դէպքերու ընդհանուր թիւը 1596 է, արձանագրուած է մահուան 27 դէպք (աւելցած է եւս 3 դէպք): Ընդհանուր առմամբ կատարուած է 16 հազար 552 քննութիւն։

Ապաքինուած հիւանդներու թիւն աւելցած է 69-ով, եւ բուժուածներու գումարային թիւը դարձած է 728։ Այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 841 հիւանդ:

ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդները եղած են 87, 84 եւ 81 տարեկան եւ ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։

Հայոց Ցեղասպանութեան 105-ամեակին առիթով հնչեցին եկեղեցական ղօղանջները եւ մարեցան փողոցի լոյսերը
Նախորդ նիւթը

Հայոց Ցեղասպանութեան 105-ամեակին առիթով հնչեցին եկեղեցական ղօղանջները եւ մարեցան փողոցի լոյսերը

Պահանջատիրութիւնը՝ Անբեկանելի Մեր Մտասեւեռումը. Ասատուր  Տէվլեթեան
Յաջորդ նիւթը

Պահանջատիրութիւնը՝ Անբեկանելի Մեր Մտասեւեռումը. Ասատուր  Տէվլեթեան

ԱնցնիլՎեր