Հայաստան այցելած զբօսաշրջիկներու թիւը աճած է 14,4%-ով

2019  թուականի Յունուար-Սեպտեմբերին Հայաստան ժամանած է 1 միլիոն 459 հազար 152 զբօսաշրջիկ, ինչը 2018 -ի նոյն ժամանակի համեմատ աճած է 14,4%-ով: Նման տուեալներ հրապարակած է ՀՀ վիճակագրական կոմիտէն: Նշենք, որ 2018-ի Յունուար-Սեպտեմբերին Հայաստան այցելած է 1 միլիոն 275 հազար 209 զբօսաշրջիկ: Վիճակագրութեան համաձայն՝  այս տարուան 9 ամիսներուն զբօսաշրջութեան նպատակով հանրապետութենէն մեկնած է 1 միլիոն 312 հազար 282 մարդ՝ 2018-ի նոյն ժամանակահատուածի համեմատ աճելով 14,3%-ով: Ըստ ՄԱԿ-ի զբօսաշրջութեան համաշխարհային կազմակերպութեան ՝ միջազգային զբօսաշրջիկ կը համարուի ոեւէ անձ, որ հանգստանալու, բուժուելու, հարազատներուն այցելելու, գործնական, կրօնական կամ այլ նպատակներով կը ճանապարհորդէ իր հիմնական բնակութեան վայրէն մէկ այլ վայր ոչ պակաս քան 24 ժամ
12 Նոյեմբերի 2019
3 ր. ընթերցում
Հայաստան այցելած զբօսաշրջիկներու թիւը աճած է 14,4%-ով

2019  թուականի Յունուար-Սեպտեմբերին Հայաստան ժամանած է 1 միլիոն 459 հազար 152 զբօսաշրջիկ, ինչը 2018 -ի նոյն ժամանակի համեմատ աճած է 14,4%-ով: Նման տուեալներ հրապարակած է ՀՀ վիճակագրական կոմիտէն:

Նշենք, որ 2018-ի Յունուար-Սեպտեմբերին Հայաստան այցելած է 1 միլիոն 275 հազար 209 զբօսաշրջիկ:

Վիճակագրութեան համաձայն՝  այս տարուան 9 ամիսներուն զբօսաշրջութեան նպատակով հանրապետութենէն մեկնած է 1 միլիոն 312 հազար 282 մարդ՝ 2018-ի նոյն ժամանակահատուածի համեմատ աճելով 14,3%-ով:

Ըստ ՄԱԿ-ի զբօսաշրջութեան համաշխարհային կազմակերպութեան ՝ միջազգային զբօսաշրջիկ կը համարուի ոեւէ անձ, որ հանգստանալու, բուժուելու, հարազատներուն այցելելու, գործնական, կրօնական կամ այլ նպատակներով կը ճանապարհորդէ իր հիմնական բնակութեան վայրէն մէկ այլ վայր ոչ պակաս քան 24 ժամ եւ ոչ աւելի  քան անընդմէջ 1 տարի ժամանակով: Այսինքն` անոր հիմնական նպատակը ճանապարհորդելն է, այլ ոչ թէ աշխատանքային գործունէութեամբ զբաղուիլը, որու պարագային ուղեւորութեան համար վճարումները կը կատարուին ժամանած վայրի մէջ աշխատանքային գործունէութենէն ստացած նիւթական միջոցներու հաշուոյն:

 

Էրտողանը Սուրիոյ մէջ անօրինական կը գործէ բոլոր առումներով. Ասատ
Նախորդ նիւթը

Էրտողանը Սուրիոյ մէջ անօրինական կը գործէ բոլոր առումներով. Ասատ

ՀՀ-ն յայտնուած է եկամտաբերութեան ձգտող ներդրողներու տեսադաշտին մէջ. Reuters-ի անդրադարձը
Յաջորդ նիւթը

ՀՀ-ն յայտնուած է եկամտաբերութեան ձգտող ներդրողներու տեսադաշտին մէջ. Reuters-ի անդրադարձը

ԱնցնիլՎեր