Հայաստան ԵՄ գագաթնաժողովին մասնակցելու հրաւէր պիտի ստանայ

Հայաստան Եւրոպական միութեան գագաթնաժողովին մասնակցելու հրաւէր պիտի ստանայ: Գագաթնաժողովը տեղի պիտի ունենայ 6 հոկտեմբերին Պրահայի մէջ:   Ինչպէս հաղորդած է «Արմէնփրէս»-ը,  այս մասին յայտնած է The Guardian պարբերականը:   Գագաթնաժողովին մասնակցելու հրաւէր պիտի ստանան Զուիցերիան եւ Նորվեկիան, որոնք ԵՄ անդամ երկիրներ չեն, սակայն համարկուած են միասնական շուկային: Պիտի հրաւիրուին նաեւ ԵՄ-ին անդամակցիլ փափաքող 9 երկիրներ, որոնք են Մոլտովան, Ուքրանիան, Վրաստանը, Ալպանիան, Պոսնիա եւ Հերցեկովինան, Մոնթենեկրօն, Քոսովօն, Հիւսիսային Մակեդոնիան եւ Սերպիան:   Բացի այդ, գագաթնաժողովին մասնակցելու հրաւէր պիտի ստանայ նաեւ Ատրպէյճանը: Համաձայն The guardian պարբերականի հրապարակման՝ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշել նշած է, որ ցանկութիւն կայ գագաթնաժողովին հրաւիրել նաեւ Թուրքիան, սակայն ատոր համար պէտք
5 Սեպտեմբերի 2022
2 ր. ընթերցում
Հայաստան ԵՄ գագաթնաժողովին մասնակցելու հրաւէր պիտի ստանայ

Հայաստան Եւրոպական միութեան գագաթնաժողովին մասնակցելու հրաւէր պիտի ստանայ: Գագաթնաժողովը տեղի պիտի ունենայ 6 հոկտեմբերին Պրահայի մէջ:  

Ինչպէս հաղորդած է «Արմէնփրէս»-ը,  այս մասին յայտնած է The Guardian պարբերականը:  

Գագաթնաժողովին մասնակցելու հրաւէր պիտի ստանան Զուիցերիան եւ Նորվեկիան, որոնք ԵՄ անդամ երկիրներ չեն, սակայն համարկուած են միասնական շուկային: Պիտի հրաւիրուին նաեւ ԵՄ-ին անդամակցիլ փափաքող 9 երկիրներ, որոնք են Մոլտովան, Ուքրանիան, Վրաստանը, Ալպանիան, Պոսնիա եւ Հերցեկովինան, Մոնթենեկրօն, Քոսովօն, Հիւսիսային Մակեդոնիան եւ Սերպիան:  

Բացի այդ, գագաթնաժողովին մասնակցելու հրաւէր պիտի ստանայ նաեւ Ատրպէյճանը:

Համաձայն The guardian պարբերականի հրապարակման՝ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշել նշած է, որ ցանկութիւն կայ գագաթնաժողովին հրաւիրել նաեւ Թուրքիան, սակայն ատոր համար պէտք է ըլլայ բոլոր գործընկերներու համաձայնութիւնը: Նշուած է, որ Թուրքիոյ մասնակցութեան դէմ են Յունաստանն ու Կիպրոսը:

Ռուսիա պատրաստ է երկխօսութեան եւ յոյս ունի, որ ԱՄՆ խելամտութիւն կը ցուցաբերէ
Նախորդ նիւթը

Ռուսիա պատրաստ է երկխօսութեան եւ յոյս ունի, որ ԱՄՆ խելամտութիւն կը ցուցաբերէ

Արա Ահարոնեանի «Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն» հատորի շնորհանդէսը եւ հեղինակին նուիրուած յուշ երեկոյ
Յաջորդ նիւթը

Արա Ահարոնեանի «Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն» հատորի շնորհանդէսը եւ հեղինակին նուիրուած յուշ երեկոյ

ԱնցնիլՎեր