Հայաստան կը դիտարկէ Լիբանանին օգնելու միջոցները. ԱԳՆ

Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը դիտարկէ Լիբանանի եղբայրական ժողովուրդին թիրախային եւ առաջին անհրաժեշտութեան օգնութիւն ցուցաբերելու սենարները: Այս մասին «Ֆէյսպուք»-ի իր էջին գրած է ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարի մամուլի խօսնակ Աննա Նաղդալեանը: «Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ տեղի ունեցած պայթումին հետաեւնքով հայահոծ շրջաններու մէջ, ինչպէս ամբողջ Պէյրութի մէջ, աւերածութիւնները լայնածաւալ են. փլուզուեր են շէնքեր, վնասուեր են եկեղեցիներ, վնասուեր է նաեւ Հայկազեան համալսարանի շէնքը։ Ներկայ դրութեամբ մեր գործընկերներուն հետ միասին կը դիտարկուի եւ կը գնահատուին Լիբանանի եղբայրական ժողովուրդին թիրախային եւ առաջին անհրաժեշտութեան օգնութիւն ցուցաբերելու տարբեր սենարներ»,- գրած է Նաղդալեանը: Մամուլի խօսնակը նշած է, որ այս պահի դրութեամբ տեղեկութիւն կայ ազգութեամբ հայ երեք մահացածներու եւ  շուրջ 100 վնասուածներու մասին, բայց այդ թիւերը, ցաւօք, կրնան աճիլ, քանի որ մեծ է անյայտ կորածներու թիւը։
5 Օգոստոսի 2020
3 ր. ընթերցում
Հայաստան կը դիտարկէ Լիբանանին օգնելու միջոցները. ԱԳՆ

Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը դիտարկէ Լիբանանի եղբայրական ժողովուրդին թիրախային եւ առաջին անհրաժեշտութեան օգնութիւն ցուցաբերելու սենարները: Այս մասին «Ֆէյսպուք»-ի իր էջին գրած է ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարի մամուլի խօսնակ Աննա Նաղդալեանը:

«Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ տեղի ունեցած պայթումին հետաեւնքով հայահոծ շրջաններու մէջ, ինչպէս ամբողջ Պէյրութի մէջ, աւերածութիւնները լայնածաւալ են. փլուզուեր են շէնքեր, վնասուեր են եկեղեցիներ, վնասուեր է նաեւ Հայկազեան համալսարանի շէնքը։ Ներկայ դրութեամբ մեր գործընկերներուն հետ միասին կը դիտարկուի եւ կը գնահատուին Լիբանանի եղբայրական ժողովուրդին թիրախային եւ առաջին անհրաժեշտութեան օգնութիւն ցուցաբերելու տարբեր սենարներ»,- գրած է Նաղդալեանը:

Մամուլի խօսնակը նշած է, որ այս պահի դրութեամբ տեղեկութիւն կայ ազգութեամբ հայ երեք մահացածներու եւ  շուրջ 100 վնասուածներու մասին, բայց այդ թիւերը, ցաւօք, կրնան աճիլ, քանի որ մեծ է անյայտ կորածներու թիւը։

Ցնցուած եմ եղբայրական Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած մահաբեր պայթումէն. Փաշինեան
Նախորդ նիւթը

Ցնցուած եմ եղբայրական Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած մահաբեր պայթումէն. Փաշինեան

Կը սգանք Լիբանանի եղբայրական ժողովուրդին հետ. ԱԺ Նախագահ
Յաջորդ նիւթը

Կը սգանք Լիբանանի եղբայրական ժողովուրդին հետ. ԱԺ Նախագահ

ԱնցնիլՎեր