Հայաստան կը կարեւորէ խաղաղութիւնը եւ կայունութիւնը տարածաշրջանին մէջ. Փաշինեան ընդունած է Սթեֆան Տիոն

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան միջազգային ու տարածաշրջանային անվտանգութեան հարցերու շուրջ զրուցած է Եւրոպական Միութեան եւ Եւրոպայի մէջ Գանատայի յատուկ բանագնաց Սթեֆան Տիոնի հետ: Հայաստանի ղեկավարը Գերմանիոյ մէջ Գանատայի դեսպանին ներկայացուցած է Հայաստանի դիրքորոշումները հայ-ատրպէյճանական սահմանի սահմանագծման եւ սահմանազատման, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման, տարածաշրջանային հաղորդակցութեան ուղիներու բացման առնչութեամբ, ինչպէս նաեւ անդրադարձած է միջազգային գործընկերներու միջնորդութեամբ կայացած հանդիպումներու շնորհիւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն: Նիկոլ Փաշինեան նշած է, որ Հայաստան կը կարեւորէ խաղաղութիւնը եւ կայունութիւնը տարածաշրջանին մէջ` ակնկալելով միջազգային գործընկերներու օժանդակութիւնը այդ գործընթացին: Հանդիպման ընթացքին նաեւ այլ թեմաներ քննարկուած են, մասնաւորապէս Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան հզօրացման եւ այդ ծիրին մէջ հայ-գանատական գործընկերութեան ընդլայնման վերաբերող հարցեր:
2 Մարտի 2022
3 ր. ընթերցում
Հայաստան կը կարեւորէ խաղաղութիւնը եւ կայունութիւնը տարածաշրջանին մէջ. Փաշինեան ընդունած է Սթեֆան Տիոն

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան միջազգային ու տարածաշրջանային անվտանգութեան հարցերու շուրջ զրուցած է Եւրոպական Միութեան եւ Եւրոպայի մէջ Գանատայի յատուկ բանագնաց Սթեֆան Տիոնի հետ:

Հայաստանի ղեկավարը Գերմանիոյ մէջ Գանատայի դեսպանին ներկայացուցած է Հայաստանի դիրքորոշումները հայ-ատրպէյճանական սահմանի սահմանագծման եւ սահմանազատման, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման, տարածաշրջանային հաղորդակցութեան ուղիներու բացման առնչութեամբ, ինչպէս նաեւ անդրադարձած է միջազգային գործընկերներու միջնորդութեամբ կայացած հանդիպումներու շնորհիւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն:

Նիկոլ Փաշինեան նշած է, որ Հայաստան կը կարեւորէ խաղաղութիւնը եւ կայունութիւնը տարածաշրջանին մէջ` ակնկալելով միջազգային գործընկերներու օժանդակութիւնը այդ գործընթացին:

Հանդիպման ընթացքին նաեւ այլ թեմաներ քննարկուած են, մասնաւորապէս Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան հզօրացման եւ այդ ծիրին մէջ հայ-գանատական գործընկերութեան ընդլայնման վերաբերող հարցեր:

ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու յանձնակատարը կարեւորած է Ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման գործին մէջ Հայաստանի յռաջնորդութիւնը
Նախորդ նիւթը

ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու յանձնակատարը կարեւորած է Ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման գործին մէջ Հայաստանի յռաջնորդութիւնը

Արցախի նախագահը Անվտանգութեան խորհուրդի նիստի հրաւիրած է
Յաջորդ նիւթը

Արցախի նախագահը Անվտանգութեան խորհուրդի նիստի հրաւիրած է

ԱնցնիլՎեր