Հայաստան կը մերժէ  սպառնալիքի գործօնը. Նախարար Մնացականեան

Ապրիլեան պատերազմի կրկնութիւն տեղի պիտի չունենայ, Հայաստան կտրականապէս մերժած է սպառնալիքի գործօնը ղարաբաղեան հիմնախնդիրի կարգաւորման բանակցային գործընթացին, Ազգային ժողովին մէջ, Մայիս 4-ին, յայտարարեց արտաքին գործոց նախարար՝ Զոհրապ Մնացականեան՝ արձագանգելով Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար՝ Զաքիր Հասանովի նախօրէին ըրած ռազմաշունչ յայտարարութեան.- «Մենք չենք կարող ստեղծել իրավիճակ, երբ որ մեր ժողովուրդի համար անվտանգութեան համակարգը դառնում է խոցելի»: Երկու օր առաջ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովը երկրի զինուած ուժերու ղեկավարութեան հետ հանդիպման ընթացքին, յայտարարած է, թէ կտրուկ մեծցած է ռազմական գործողութիւնները վերսկսելու հաւանակութիւնը, ինչ որ պայմանաւորուած է հայկական կողմի սադրիչ գործողութիւններով: Ան յանձնարարած է ուժեղացնել հետախուզութեան բոլոր տեսակները առաջնագիծին վրայ։ Հայաստանի արտաքին գերատեսչութեան ղեկավար Մնացականեանի
5 Մայիսի 2020
3 ր. ընթերցում
Հայաստան կը մերժէ  սպառնալիքի գործօնը. Նախարար Մնացականեան

Ապրիլեան պատերազմի կրկնութիւն տեղի պիտի չունենայ, Հայաստան կտրականապէս մերժած է սպառնալիքի գործօնը ղարաբաղեան հիմնախնդիրի կարգաւորման բանակցային գործընթացին, Ազգային ժողովին մէջ, Մայիս 4-ին, յայտարարեց արտաքին գործոց նախարար՝ Զոհրապ Մնացականեան՝ արձագանգելով Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար՝ Զաքիր Հասանովի նախօրէին ըրած ռազմաշունչ յայտարարութեան.- «Մենք չենք կարող ստեղծել իրավիճակ, երբ որ մեր ժողովուրդի համար անվտանգութեան համակարգը դառնում է խոցելի»:

Երկու օր առաջ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովը երկրի զինուած ուժերու ղեկավարութեան հետ հանդիպման ընթացքին, յայտարարած է, թէ կտրուկ մեծցած է ռազմական գործողութիւնները վերսկսելու հաւանակութիւնը, ինչ որ պայմանաւորուած է հայկական կողմի սադրիչ գործողութիւններով: Ան յանձնարարած է ուժեղացնել հետախուզութեան բոլոր տեսակները առաջնագիծին վրայ։

Հայաստանի արտաքին գերատեսչութեան ղեկավար Մնացականեանի խօսքով` անհնար է պատկերացնել իրական առաջընթաց բանակցութիւններուն, եթէ լարուածութիւն կայ.- «Չենք հաւատում, որ հնարաւոր է իրական առաջընթաց ունենալ, երբ որ քեզ առաջարկուում է, որ հնարաւոր է մէկ ձեռքով բանակցել, միւս ձեռքով կրակել: Խստօրէն պնդում ենք` հնարաւոր չէ»:

Արսէն Թորոսեան չի բացառեր, որ Մայիսի վերջաւորութեան վարակակիրներու թիւը հասնի 10 հազարի
Նախորդ նիւթը

Արսէն Թորոսեան չի բացառեր, որ Մայիսի վերջաւորութեան վարակակիրներու թիւը հասնի 10 հազարի

Գուրգէն Խաչատրեանի դէմ հետախուզութիւն. Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւն
Յաջորդ նիւթը

Գուրգէն Խաչատրեանի դէմ հետախուզութիւն. Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւն

ԱնցնիլՎեր