Գուրգէն Խաչատրեանի դէմ հետախուզութիւն. Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւն

Հետախուզութիւն յայտարարուած է Պետական եկամուտներու կոմիտէի նախկին ղեկավար Գագիկ Խաչատրեանի որդիին՝ Գուրգէն Խաչատրեանին դէմ, քանի որ ան թաքնուած է քննութենէն, կը յայտարարէ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը, աւելցնելով, որ միջոցներ ձեռնարկած են փախուստի դիմած մեղադրեալը յայտնաբերելու ու պատասխանատուութեան կանչելու։ Դատարանը Գուրգէն Խաչատրեանին կալանաւորելու որոշում առած էր, սակայն ան չէր ներկայացած իրաւապահներուն: Արդեօ՞ք «Եուքոմ» ընկերութեան տնօրէններու խորհուրդի նախագահ Գուրգէն Խաչատրեանը լքած է երկիրը, թէ՞ ոչ, իր պաշտպան Երեմ Սարգսեան կը հրաժարի մեկնաբանելէ։ Իսկ թէ ինչու կը թաքնուի իրաւապահներէն, ինքը` Խաչատրեան, տարածուած յայտարարութեամբ հիմնաւորած է, թէ պատճառը՝ իր նկատմամբ կատարուած անօրինական ու ուղղորդուած գործողութիւններն են: Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը ծաւալուն հաղորդագրութեամբ Խաչատրեաններու ընտանիքին վերաբերող քրէական
5 Մայիսի 2020
4 ր. ընթերցում
Գուրգէն Խաչատրեանի դէմ հետախուզութիւն. Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւն

Հետախուզութիւն յայտարարուած է Պետական եկամուտներու կոմիտէի նախկին ղեկավար Գագիկ Խաչատրեանի որդիին՝ Գուրգէն Խաչատրեանին դէմ, քանի որ ան թաքնուած է քննութենէն, կը յայտարարէ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը, աւելցնելով, որ միջոցներ ձեռնարկած են փախուստի դիմած մեղադրեալը յայտնաբերելու ու պատասխանատուութեան կանչելու։

Դատարանը Գուրգէն Խաչատրեանին կալանաւորելու որոշում առած էր, սակայն ան չէր ներկայացած իրաւապահներուն: Արդեօ՞ք «Եուքոմ» ընկերութեան տնօրէններու խորհուրդի նախագահ Գուրգէն Խաչատրեանը լքած է երկիրը, թէ՞ ոչ, իր պաշտպան Երեմ Սարգսեան կը հրաժարի մեկնաբանելէ։ Իսկ թէ ինչու կը թաքնուի իրաւապահներէն, ինքը` Խաչատրեան, տարածուած յայտարարութեամբ հիմնաւորած է, թէ պատճառը՝ իր նկատմամբ կատարուած անօրինական ու ուղղորդուած գործողութիւններն են:

Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը ծաւալուն հաղորդագրութեամբ Խաչատրեաններու ընտանիքին վերաբերող քրէական գործի մասին՝ ներկայացուցած է որոշ մանրամասնութիւններ, թէ Խաչատրեանի որդիներն ու ազգականը, անոր պաշտօնով պայմանաւորուած, հարկային եւ մաքսային մարմիններուն ապրանքներ մատակարարելու եւ տեղեկատուական ոլորտէն ներս ծառայութիւններ մատուցելու նպատակով հիմնադրած են առեւտրային կազմակերպութիւն։ Իսկ ինքը` Գագիկ Խաչատրեան, պաշտօնէական դիրքը շահագործելով եւ անձնական շահերէ ելլելով, աջակցած է այդ կազմակերպութիւններուն:

Հայաստան կը մերժէ  սպառնալիքի գործօնը. Նախարար Մնացականեան
Նախորդ նիւթը

Հայաստան կը մերժէ  սպառնալիքի գործօնը. Նախարար Մնացականեան

    Ինչո՞ւ եւ Ինչպէ՞ս Նախիջեւանը եւ Ղարաբաղը խորհրդայնացան Սեւրէն առաջ, իսկ յետագային՝ Զանգեզուրը.Գրեց ՝  Գէորգ  Հալէպլեան
Յաջորդ նիւթը

    Ինչո՞ւ եւ Ինչպէ՞ս Նախիջեւանը եւ Ղարաբաղը խորհրդայնացան Սեւրէն առաջ, իսկ յետագային՝ Զանգեզուրը.Գրեց ՝  Գէորգ  Հալէպլեան

ԱնցնիլՎեր