Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի Ֆրանսայի ֆոնէթոնին հանգանակուեցաւ 2․1 միլիոն եուրօ

Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի Ֆրանսայի մասնաճիւղին՝ Հայկական հիմնադրամի հանգանակութեան տարեկան արշաւին՝ Ֆոնէթոնին, ընթացքին կատարուած է 2․1 միլիոն եուրոյի խոստում, ինչ որ 2019-ի Ֆոնէթոնին բաղդատմամբ 91 տոկոսով աճ մըն է։ Այս մասին կը տեղեկացնէ «Նոր Յառաջ»-ը։ Ֆոնէթոն-2020-ը, որ տեղի ունեցաւ 19-22 Նոյեմբերին, նպատակ ունէր Արցախի դէմ շղթայազերծուած պատերազմէն տեղահանուածներու վերադարձին, անոնց կարիքները դիմագրաւելու եւ Արցախի վերակառուցման համար միջոցներ հանգանակել։ Նշենք, որ Ֆոնէթոնը չի սահմանափակուիր միայն այս չորս օրերով եւ հանգանակային արշաւը կը շարունակուի։ Դրամահաւաքին այս տարուան հովանաւորն էր  հանրածանօթ դերասան Սիմոն Աբգարեան։
25 Նոյեմբերի 2020
2 ր. ընթերցում
Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի Ֆրանսայի ֆոնէթոնին հանգանակուեցաւ 2․1 միլիոն եուրօ

Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի Ֆրանսայի մասնաճիւղին՝ Հայկական հիմնադրամի հանգանակութեան տարեկան արշաւին՝ Ֆոնէթոնին, ընթացքին կատարուած է 2․1 միլիոն եուրոյի խոստում, ինչ որ 2019-ի Ֆոնէթոնին բաղդատմամբ 91 տոկոսով աճ մըն է։ Այս մասին կը տեղեկացնէ «Նոր Յառաջ»-ը։

Ֆոնէթոն-2020-ը, որ տեղի ունեցաւ 19-22 Նոյեմբերին, նպատակ ունէր Արցախի դէմ շղթայազերծուած պատերազմէն տեղահանուածներու վերադարձին, անոնց կարիքները դիմագրաւելու եւ Արցախի վերակառուցման համար միջոցներ հանգանակել։

Նշենք, որ Ֆոնէթոնը չի սահմանափակուիր միայն այս չորս օրերով եւ հանգանակային արշաւը կը շարունակուի։

Դրամահաւաքին այս տարուան հովանաւորն էր  հանրածանօթ դերասան Սիմոն Աբգարեան։

Ամարասի համալիրը ամբողջութեամբ կը վերահսկուի Պաշտպանութեան բանակի զօրքերու կողմէ. պարիսպին վրայ ՌԴ դրօշն է
Նախորդ նիւթը

Ամարասի համալիրը ամբողջութեամբ կը վերահսկուի Պաշտպանութեան բանակի զօրքերու կողմէ. պարիսպին վրայ ՌԴ դրօշն է

Այսօր Քարվաճառի շրջանը ամբողջութեամբ կ'անցնի Ատրպէյճանին. մոթոհրաձիգները լքած են տարածքը՝ պայթեցնելով զօրանոցներն ու զօրամասի այլ կառոյցները
Յաջորդ նիւթը

Այսօր Քարվաճառի շրջանը ամբողջութեամբ կ’անցնի Ատրպէյճանին. մոթոհրաձիգները լքած են տարածքը՝ պայթեցնելով զօրանոցներն ու զօրամասի այլ կառոյցները

ԱնցնիլՎեր