«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի 2020 տարուան դրամահաւաքին հաւաքուած է 22.990.898 ԱՄՆ տոլար

Գոհաբանութեան օրը, 26 Նոյեմբերին, Լոս Անճելըսի մէջ տեղի ունեցած է 23–րդ ամենամեայ Հեռուստամարաթոնը, որուն կարգախօսն էր «Համախմբուածութիւն, ուժ, հաւատք»: «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը կը տեղեկացնէ, որ հաշուի առնելով հայրենիքի մէջ ստեղծուած դժուարին իրադրութիւնը եւ յարգելով հայրենիքի համար ինկած զինուորներուն յիշատակը՝ հեռուստամարաթոնը այս տարի տեւած է 4 ժամ՝ աւանդական 12 ժամուան փոխարէն, սակայն ԱՄՆ հայ համայնքի համախմբուածութեան շնորհիւ հանգանակուած է 22.990.898 ԱՄՆ տոլար: «Արցախի եւ Հայաստանի մէջ տիրող իրավիճակին պատճառով՝ Հեռուստամարաթոն 2020-ի հանգանակութիւնները պիտի ուղղուին Արցախէն տեղահանուած եւ հայրենիքի համար զոհուած զինուորներու ընտանիքներուն աջակցութեան: Նպատակն է նիւթապէս աջակցիլ այս ընտանիքներուն, շուրջ 100,000 մարդու, ապահովել բնակարաններով եւ 1 տարուայ համար անհրաժեշտ տարրական պարագաներով,
27 Նոյեմբերի 2020
3 ր. ընթերցում
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի 2020 տարուան դրամահաւաքին հաւաքուած է 22.990.898 ԱՄՆ տոլար

Գոհաբանութեան օրը, 26 Նոյեմբերին, Լոս Անճելըսի մէջ տեղի ունեցած է 23–րդ ամենամեայ Հեռուստամարաթոնը, որուն կարգախօսն էր «Համախմբուածութիւն, ուժ, հաւատք»: «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը կը տեղեկացնէ, որ հաշուի առնելով հայրենիքի մէջ ստեղծուած դժուարին իրադրութիւնը եւ յարգելով հայրենիքի համար ինկած զինուորներուն յիշատակը՝ հեռուստամարաթոնը այս տարի տեւած է 4 ժամ՝ աւանդական 12 ժամուան փոխարէն, սակայն ԱՄՆ հայ համայնքի համախմբուածութեան շնորհիւ հանգանակուած է 22.990.898 ԱՄՆ տոլար:

«Արցախի եւ Հայաստանի մէջ տիրող իրավիճակին պատճառով՝ Հեռուստամարաթոն 2020-ի հանգանակութիւնները պիտի ուղղուին Արցախէն տեղահանուած եւ հայրենիքի համար զոհուած զինուորներու ընտանիքներուն աջակցութեան: Նպատակն է նիւթապէս աջակցիլ այս ընտանիքներուն, շուրջ 100,000 մարդու, ապահովել բնակարաններով եւ 1 տարուայ համար անհրաժեշտ տարրական պարագաներով, ինչպէս նաեւ կազմակերպել տեղահանուած երեխաներու պատշաճ կրթութիւնը»,– նշած է ԱՄՆ–ի «Հայաստան» հիմնադրամի ատենապետ Մարիա Մեհրանեան:

Նշենք, որ 22 Նոյեմբերին սկսած ֆրանսական հեռախօսամարաթոնին ծիրէն ներս հանգանակուած էր շուրջ 3.132.000 ԱՄՆ տոլար:

Ֆրանսայի ԱԳՆ-ը յայտարարած է, որ չի ճանչնար ինքնահռչակ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը
Նախորդ նիւթը

Ֆրանսայի ԱԳՆ-ը յայտարարած է, որ չի ճանչնար ինքնահռչակ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը

Սոթքի ոսկիի հանքը կ'իյնայ կիսով չափ հայկական, կիսով չափ ատրպէյճանական տարածքին մէջ. Գլխաւոր շտապի պետի տեղակալ
Յաջորդ նիւթը

Սոթքի ոսկիի հանքը կ’իյնայ կիսով չափ հայկական, կիսով չափ ատրպէյճանական տարածքին մէջ. Գլխաւոր շտապի պետի տեղակալ

ԱնցնիլՎեր