Հայաստան նուէր ստացած Է «Մոտերնա»-ի 620 400 դեղաչափ

«Հայաստանը նուէր է ստացել «Մոտերնա» ընկերութեան «Սփայքվաքս» պատուաստանիւթի 620 400 դեղաչափ»։ Այս մասին դիմատետրեան իր էջին վրայ գրած է առողջապահութեան նախարար՝ Անահիտ Աւանէսեան՝ նշելով, որ Հոկտեմբեր 22-ին ստորագրած են Հայաստանի, Նորվեկիոյ Թագաւորութեան եւ «Մոտերնա» ընկերութեան միջեւ եռակողմ պայմանագիր: Նոր խմբաքանակը փոխադրելու հարցով, ըստ նախարարութեան, Հայաստանին կ’աջակցի Եւրոպական յանձնաժողովի մարդասիրական օգնութեան եւ քաղաքացիական պաշտպանութեան հարցերով գլխաւոր վարչութիւնը: Աւելի վաղ Հայաստանին ամերիկեան «Մոտերնա» ընկերութեան 50 հազար դեղաչափ «Սփայքվաքս» պատուաստ նուիրաբերած էր Լիթուանիոյ կառավարութիւնը։ Հայաստանի մէջ ներկայիս կը կիրառուի «Քորոնա» ժահրի դէմ հինգ տեսակի պատուաստ՝ ռուսական «Սփութնիք Վի», բրիտանական-շուէտական «Ասթրա Զենիքա», չինական «Քորոնավաք» ու «Սինոֆարմ» եւ ամերիկեան «Մոտերնա»։
25 Հոկտեմբերի 2021
2 ր. ընթերցում
Հայաստան նուէր ստացած Է «Մոտերնա»-ի 620 400 դեղաչափ

«Հայաստանը նուէր է ստացել «Մոտերնա» ընկերութեան «Սփայքվաքս» պատուաստանիւթի 620 400 դեղաչափ»։ Այս մասին դիմատետրեան իր էջին վրայ գրած է առողջապահութեան նախարար՝ Անահիտ Աւանէսեան՝ նշելով, որ Հոկտեմբեր 22-ին ստորագրած են Հայաստանի, Նորվեկիոյ Թագաւորութեան եւ «Մոտերնա» ընկերութեան միջեւ եռակողմ պայմանագիր:

Նոր խմբաքանակը փոխադրելու հարցով, ըստ նախարարութեան, Հայաստանին կ’աջակցի Եւրոպական յանձնաժողովի մարդասիրական օգնութեան եւ քաղաքացիական պաշտպանութեան հարցերով գլխաւոր վարչութիւնը:

Աւելի վաղ Հայաստանին ամերիկեան «Մոտերնա» ընկերութեան 50 հազար դեղաչափ «Սփայքվաքս» պատուաստ նուիրաբերած էր Լիթուանիոյ կառավարութիւնը։

Հայաստանի մէջ ներկայիս կը կիրառուի «Քորոնա» ժահրի դէմ հինգ տեսակի պատուաստ՝ ռուսական «Սփութնիք Վի», բրիտանական-շուէտական «Ասթրա Զենիքա», չինական «Քորոնավաք» ու «Սինոֆարմ» եւ ամերիկեան «Մոտերնա»։

Փաշինեան հիւրընկալած է ՆԱԹՕ-ի Գլխաւոր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչը
Նախորդ նիւթը

Փաշինեան հիւրընկալած է ՆԱԹՕ-ի Գլխաւոր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչը

Խորհրդային միութեան քարտէզները ռուսական բանակի Գլխաւոր շտապը կը գտնուին
Յաջորդ նիւթը

Խորհրդային միութեան քարտէզները ռուսական բանակի Գլխաւոր շտապը կը գտնուին

ԱնցնիլՎեր