Հայաստան ուղեւորահոսքը պիտի մեծնայ 300 հազար ուղեւորով. Քաղաքացիական օդագնացութեան կոմիտէի

Հայաստան ուղեւորահոսքը պիտի մեծնայ գրեթէ 300 հազար ուղեւորով: Այս մասին Դեկտեմբեր 3-ին ԱԺ նիստի «Պետական տուրքի մասին» օրէնքին մէջ լրացումներ կատարելու մասին օրինագիծի քննարկման ժամանակ ըսած է Հայաստանի Քաղաքացիական օդագնացութեան կոմիտէի ղեկավար Տաթեւիկ Ռեւազեանը՝ պատասխանելով պատգամաւորներու հարցերուն: Անոր խօսքով՝ Հայաստանի երկու օդակայաններուն՝ «Զուարթնոցի» եւ «Շիրակի» մէջ, ուղեւորահոսքը կը կազմէ տարեկան 2,9 միլիոն մարդ: «Սա բաւականին տպաւորիչ թիւ է: Ըստ մեր գնահատականներու՝ 3 տարի յետոյ միայն զբօսաշրջութեան զարգացումը կը ստեղծէ հազարաւոր աշխատատեղեր, պետական պիւտճէ կը վճարուի միլիոնաւոր տոլար, կը բարելաւուի ներդրումային միջավայրը»,- խոստացած է Քաղաքացիական օդագնացութեան կոմիտէի պետը:
4 Դեկտեմբերի 2019
2 ր. ընթերցում
Հայաստան ուղեւորահոսքը պիտի մեծնայ 300 հազար ուղեւորով. Քաղաքացիական օդագնացութեան կոմիտէի

Հայաստան ուղեւորահոսքը պիտի մեծնայ գրեթէ 300 հազար ուղեւորով: Այս մասին Դեկտեմբեր 3-ին ԱԺ նիստի «Պետական տուրքի մասին» օրէնքին մէջ լրացումներ կատարելու մասին օրինագիծի քննարկման ժամանակ ըսած է Հայաստանի Քաղաքացիական օդագնացութեան կոմիտէի ղեկավար Տաթեւիկ Ռեւազեանը՝ պատասխանելով պատգամաւորներու հարցերուն:

Անոր խօսքով՝ Հայաստանի երկու օդակայաններուն՝ «Զուարթնոցի» եւ «Շիրակի» մէջ, ուղեւորահոսքը կը կազմէ տարեկան 2,9 միլիոն մարդ:

«Սա բաւականին տպաւորիչ թիւ է: Ըստ մեր գնահատականներու՝ 3 տարի յետոյ միայն զբօսաշրջութեան զարգացումը կը ստեղծէ հազարաւոր աշխատատեղեր, պետական պիւտճէ կը վճարուի միլիոնաւոր տոլար, կը բարելաւուի ներդրումային միջավայրը»,- խոստացած է Քաղաքացիական օդագնացութեան կոմիտէի պետը:

Նիկոլ Փաշինեանի որոշմամբ հայկական պատուիրակութիւնը պիտի մեկնի Պաքու
Նախորդ նիւթը

Նիկոլ Փաշինեանի որոշմամբ հայկական պատուիրակութիւնը պիտի մեկնի Պաքու

Անդրանիկ Քոչարեանը իրաւապահներուն կոչ ըրած է երկիր վերադարձնել նախկին պաշտօնեաները
Յաջորդ նիւթը

Անդրանիկ Քոչարեանը իրաւապահներուն կոչ ըրած է երկիր վերադարձնել նախկին պաշտօնեաները

ԱնցնիլՎեր