Հայաստան փրկարարական ջոկատներ ուղարկեց Սուրիա եւ Թուրքիա

7 Փետրուարին Հայաստանի Հանրապետութիւնը փրկարարական ջոկատներ ուղարկած է Սուրիա եւ Թուրքիա՝ աջակցելու աւերիչ երկրաշարժի հետեւանքով տուժած շրջաններուն մէջ իրականացուող որոնողափրկարարական աշխատանքներուն: Այս մասին իր դիմատետրեան էջին գրած է Արտաքին գործոց նախարարի խօսնակ Վահան Յունանեանը։ Ներքին գործոց նախարարութենէն տեղեկացուցած են, որ Թուրքիա ուղարկուած է 27, իսկ Սիրիա` 29 փրկարար։ Նշենք, որ փրկարարական ջոկատները արդէն վայրէջք կատարած են. մեկնող փրկարարական ջոկատներու ծառայողները ճանապարհած են ՀՀ ներքին գործոց նախարար Վահէ Ղազարեանն ու փրկարար ծառայութեան տնօրէն-Ներքին գործոց նախարարի տեղակալ Կամօ Ցուցուլեանը: Աւելի ուշ, Թուրքիոյ խորհրդարանի հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլան հաստատեց, որ Հայաստանի ուղարկած փրկարարական ջոկատն ու օգնութիւնը արդէն վայրէջք կատարած են Թուրքիա: «Հայաստանի ուղարկած
8 Փետրվարի 2023
3 ր. ընթերցում
Հայաստան փրկարարական ջոկատներ ուղարկեց Սուրիա եւ Թուրքիա

7 Փետրուարին Հայաստանի Հանրապետութիւնը փրկարարական ջոկատներ ուղարկած է Սուրիա եւ Թուրքիա՝ աջակցելու աւերիչ երկրաշարժի հետեւանքով տուժած շրջաններուն մէջ իրականացուող որոնողափրկարարական աշխատանքներուն: Այս մասին իր դիմատետրեան էջին գրած է Արտաքին գործոց նախարարի խօսնակ Վահան Յունանեանը։

Ներքին գործոց նախարարութենէն տեղեկացուցած են, որ Թուրքիա ուղարկուած է 27, իսկ Սիրիա` 29 փրկարար։

Նշենք, որ փրկարարական ջոկատները արդէն վայրէջք կատարած են. մեկնող փրկարարական ջոկատներու ծառայողները ճանապարհած են ՀՀ ներքին գործոց նախարար Վահէ Ղազարեանն ու փրկարար ծառայութեան տնօրէն-Ներքին գործոց նախարարի տեղակալ Կամօ Ցուցուլեանը:

Աւելի ուշ, Թուրքիոյ խորհրդարանի հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլան հաստատեց, որ Հայաստանի ուղարկած փրկարարական ջոկատն ու օգնութիւնը արդէն վայրէջք կատարած են Թուրքիա:

«Հայաստանի ուղարկած փրկարարական ջոկատն ու օգնութիւնը արդէն իսկ վայրէջք կը կատարէ երկիր։ Զօրակցութիւնը կեանք է»,- գրած է Փայլան։

 

Կայացած է Փաշինեան-Ասատ հեռախօսազրոյց
Նախորդ նիւթը

Կայացած է Փաշինեան-Ասատ հեռախօսազրոյց

Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն մէջ որոշ առաջընթաց կայ․ Միրզոյեան
Յաջորդ նիւթը

Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն մէջ որոշ առաջընթաց կայ․ Միրզոյեան

ԱնցնիլՎեր