Հայաստան. «Քորոնա»ով վարակուածներուն թիւը հասաւ 18 033-ի

Հայաստանի մէջ,  17 յունիսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 18 033 դէպք, որոնցմէ 6814 ը` առողջացած: Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ: «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 10 818 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 87 600 քննութիւն: Այսպիսով` ունինք «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 544 նոր դէպք եւ  243 առողջացած։ «Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 9 նոր դէպք (ընդհանուր մահերու թիւը հասաւ՝ 302): ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդները եղած են   72, 59, 42 տարեկան տղամարդիկ եւ 64, 69, 80, 72, 67, 68  տարեկան կանայք։
17 Հունիսի 2020
3 ր. ընթերցում
Հայաստան. «Քորոնա»ով վարակուածներուն թիւը հասաւ 18 033-ի

Հայաստանի մէջ,  17 յունիսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 18 033 դէպք, որոնցմէ 6814 ը` առողջացած:

Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 10 818 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 87 600 քննութիւն: Այսպիսով` ունինք «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 544 նոր դէպք եւ  243 առողջացած։

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 9 նոր դէպք (ընդհանուր մահերու թիւը հասաւ՝ 302):

ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդները եղած են   72, 59, 42 տարեկան տղամարդիկ եւ 64, 69, 80, 72, 67, 68  տարեկան կանայք։ Բոլորը ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։

Արձանագրուած է մահուան եւս 3 դէպք, երբ հիւանդին մօտ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային վարակ, սակայն մահուան պատճառ եղած է այլ հիւանդութիւն։ Այդպիսի դէպքերու ընդհանուր թիւը 99 է:

ԱԺ-ն 87 կողմ քուէով համաձայնութիւն տուաւ Գագիկ Ծառուկեանը ազատութենէն զրկելուն
Նախորդ նիւթը

ԱԺ-ն 87 կողմ քուէով համաձայնութիւն տուաւ Գագիկ Ծառուկեանը ազատութենէն զրկելուն

«Քորոնա»ի  խնդրով ԱՄՆ պատրաստ է օգնել  Հայաստանին
Յաջորդ նիւթը

«Քորոնա»ի  խնդրով ԱՄՆ պատրաստ է օգնել  Հայաստանին

ԱնցնիլՎեր