Հայաստան. «Քորոնա»ով վարակուածներուն թիւը հասաւ 235-ի

Հայաստանի մէջ արձանագրուած է «Քորոնա» ժահրով վարակուելու 41 նոր դէպք: Այս մասին ֆէյսպուքի իր էջի ուղիղ եթերով յայտնեց ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան: «Այսօր 41 նոր դէպք ունինք հաստատուած, այս դէպքերու ծաւալը եւ աշխարհագրութիւնը որոշ անհանգստութիւններ կ՛առաջացնեն: Կոտայքի մարզի արտադրական ձեռնարկութեան, Երեւանի Էրեբունի համայնքին մէջ գտնուող արտադրական ձեռնարկութիւններէն մէկուն մէջ յայտնաբերուած է «Քորոնա» ժահրի վարակման դէպք: Մեր հիւանդներու «Քորոնա» ժահրի դրական ախտորոշուած 235 անձերէն 26-ը ունին թոքաբորբ, բայց անոնց վիճակը վերահսկելի է: Վարակուածներուն մեծ մասը ջերմութիւն չունի»,- ըսած է Փաշինեան։ Կառավարութիւնը արտակարգ դրութիւն յայտարարած է: Արտակարգ դրութիւնը կը գործէ Հայաստանի հանրապետութեան ամբողջ տարածքին 16 Մարտ 16-էն, ժամը 18:30-էն սկսեալ մինչեւ 14 Ապրիլ, ժամը 17:00-ն:
24 Մարտի 2020
2 ր. ընթերցում
Հայաստան. «Քորոնա»ով վարակուածներուն թիւը հասաւ 235-ի

Հայաստանի մէջ արձանագրուած է «Քորոնա» ժահրով վարակուելու 41 նոր դէպք: Այս մասին ֆէյսպուքի իր էջի ուղիղ եթերով յայտնեց ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

«Այսօր 41 նոր դէպք ունինք հաստատուած, այս դէպքերու ծաւալը եւ աշխարհագրութիւնը որոշ անհանգստութիւններ կ՛առաջացնեն: Կոտայքի մարզի արտադրական ձեռնարկութեան, Երեւանի Էրեբունի համայնքին մէջ գտնուող արտադրական ձեռնարկութիւններէն մէկուն մէջ յայտնաբերուած է «Քորոնա» ժահրի վարակման դէպք: Մեր հիւանդներու «Քորոնա» ժահրի դրական ախտորոշուած 235 անձերէն 26-ը ունին թոքաբորբ, բայց անոնց վիճակը վերահսկելի է: Վարակուածներուն մեծ մասը ջերմութիւն չունի»,- ըսած է Փաշինեան։

Կառավարութիւնը արտակարգ դրութիւն յայտարարած է: Արտակարգ դրութիւնը կը գործէ Հայաստանի հանրապետութեան ամբողջ տարածքին 16 Մարտ 16-էն, ժամը 18:30-էն սկսեալ մինչեւ 14 Ապրիլ, ժամը 17:00-ն:

Պարէտը սահմանած է երկիրներու նոր ցանկ, որոնց քաղաքացիներուն կ'արգիլուի մուտք գործել Հայաստան
Նախորդ նիւթը

Պարէտը սահմանած է երկիրներու նոր ցանկ, որոնց քաղաքացիներուն կ’արգիլուի մուտք գործել Հայաստան

Հայաստանը ձեռք բերած է աշխարհի մէջ «Քորոնա» ժահրի դէմ կիրառուող բոլոր դեղամիջոցները
Յաջորդ նիւթը

Հայաստանը ձեռք բերած է աշխարհի մէջ «Քորոնա» ժահրի դէմ կիրառուող բոլոր դեղամիջոցները

ԱնցնիլՎեր