Հայաստան. «Քորոնա»ով վարակուածներուն թիւը հասաւ 1808-ի

Հայաստանի մէջ արձանագրուած է «Քորոնա» ժահրով վարակուելու 62 նոր դէպք: Այս մասին նշուած է ՀՀ ԱՆ հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ: Հայաստանի մէջ 27 ապրիլին՝ ժամը 11:00-ի դրութեամբ «Քորոնա» ժահրի հաստատուած դէպքերու ընդհանուր թիւը 1808 է, արձանագրուած է մահուան 29 (աւելցած է եւս 1-ը) դէպք: Ընդհանուր առմամբ կատարուած է 18 հազար 547 քննութիւն։ Ապաքինուած հիւանդներու թիւն աւելցած է 15-ով, եւ բուժուածներու գումարային թիւը դարձած է 848։ Այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 931 հիւանդ: ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդը եղած է 80 տարեկան եւ ունեցած է ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։
27 Ապրիլի 2020
2 ր. ընթերցում
Հայաստան. «Քորոնա»ով վարակուածներուն թիւը հասաւ 1808-ի

Հայաստանի մէջ արձանագրուած է «Քորոնա» ժահրով վարակուելու 62 նոր դէպք:

Այս մասին նշուած է ՀՀ ԱՆ հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:

Հայաստանի մէջ 27 ապրիլին՝ ժամը 11:00-ի դրութեամբ «Քորոնա» ժահրի հաստատուած դէպքերու ընդհանուր թիւը 1808 է, արձանագրուած է մահուան 29 (աւելցած է եւս 1-ը) դէպք: Ընդհանուր առմամբ կատարուած է 18 հազար 547 քննութիւն։

Ապաքինուած հիւանդներու թիւն աւելցած է 15-ով, եւ բուժուածներու գումարային թիւը դարձած է 848։ Այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 931 հիւանդ:

ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդը եղած է 80 տարեկան եւ ունեցած է ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։

Թուրքիոյ մարդու իրաւունքներու միութիւնը կոչ ըրած է ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ փոխհատուցում տալ
Նախորդ նիւթը

Թուրքիոյ մարդու իրաւունքներու միութիւնը կոչ ըրած է ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ փոխհատուցում տալ

Աշխարհի մէջ մէկ խորհրդարան կայ, որուն ճանչնալուն պարագային մեր ցաւը կը մեղմանայ. Կարօ Փայլան
Յաջորդ նիւթը

Աշխարհի մէջ մէկ խորհրդարան կայ, որուն ճանչնալուն պարագային մեր ցաւը կը մեղմանայ. Կարօ Փայլան

ԱնցնիլՎեր