Աշխարհի մէջ մէկ խորհրդարան կայ, որուն ճանչնալուն պարագային մեր ցաւը կը մեղմանայ. Կարօ Փայլան

Դժբախտաբար, 105 տարի անց ալ Թուրքիան չէ առերեսուած Հայոց ցեղասպանութեան իրողութեան հետ։ Այս մասին Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող ընկերակցութեան Ֆէյսպուքեան էջէն հայութեան յղած ուղերձին մէջ ըսած է Թուրքիոյ Ազգային Մեծ ժողովի պատգամաւոր Կարօ Փայլանը։  «Թուրքիոյ խորհրդարանէն կը բարեւեմ ամբողջ աշխարհի հայերուն։ Ամբողջ աշխարհի հայերը կը պայքարին Հայերու ցեղասպանութեան ճանաչման համար, ես ալ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ կը պայքարիմ այդ ուղղութեամբ եւ ջանք չեմ խնայեր արդարութեան համար։ Կը հաւատամ, որ աշխարհի մէջ մէկ խորհրդարան կայ, որուն՝ ցեղասպանութիւնը ճանչնալուն պարագային մեր ցաւը կը մեղմանայ։ Այն Թուրքիոյ խորհրդարանն է։ Յարգանքի տուրք կը մատուցեմ Հայոց ցեղասպանութեան բոլոր զոհերու եւ Սեւակ Պալըքճըի յիշատակին», ըսած է Թուրքիոյ
27 Ապրիլի 2020
2 ր. ընթերցում
Աշխարհի մէջ մէկ խորհրդարան կայ, որուն ճանչնալուն պարագային մեր ցաւը կը մեղմանայ. Կարօ Փայլան

Դժբախտաբար, 105 տարի անց ալ Թուրքիան չէ առերեսուած Հայոց ցեղասպանութեան իրողութեան հետ։ Այս մասին Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող ընկերակցութեան Ֆէյսպուքեան էջէն հայութեան յղած ուղերձին մէջ ըսած է Թուրքիոյ Ազգային Մեծ ժողովի պատգամաւոր Կարօ Փայլանը։ 

«Թուրքիոյ խորհրդարանէն կը բարեւեմ ամբողջ աշխարհի հայերուն։ Ամբողջ աշխարհի հայերը կը պայքարին Հայերու ցեղասպանութեան ճանաչման համար, ես ալ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ կը պայքարիմ այդ ուղղութեամբ եւ ջանք չեմ խնայեր արդարութեան համար։ Կը հաւատամ, որ աշխարհի մէջ մէկ խորհրդարան կայ, որուն՝ ցեղասպանութիւնը ճանչնալուն պարագային մեր ցաւը կը մեղմանայ։ Այն Թուրքիոյ խորհրդարանն է։ Յարգանքի տուրք կը մատուցեմ Հայոց ցեղասպանութեան բոլոր զոհերու եւ Սեւակ Պալըքճըի յիշատակին», ըսած է Թուրքիոյ հայազգի պատգամաւորը։ 

Հայաստան. «Քորոնա»ով վարակուածներուն թիւը հասաւ 1808-ի
Նախորդ նիւթը

Հայաստան. «Քորոնա»ով վարակուածներուն թիւը հասաւ 1808-ի

Յայտնի են 2020թ. «Աւրորա»ի հերոսներու անունները
Յաջորդ նիւթը

Յայտնի են 2020թ. «Աւրորա»ի հերոսներու անունները

ԱնցնիլՎեր