Հայաստան. «Քորոնա»ով վարակուածներուն թիւը հասաւ 7402-ի

Հայաստանի մէջ, 26 մայիսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 7402 դէպք, որոնցմէ 3220ը` առողջացած: Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ: «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 4052 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 52 554 քննութիւն: Այսպիսով` կայ «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 289 նոր դէպք եւ 75 առողջացած։ Ընդհանուր առմամբ, «Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 91 (աւելցած է եւս 4-ով) դէպք: ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդները եղած են 81 (կին), 85 (տղամարդ), 70 (կին), 83 (կին)  տարեկան, եւ ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։ Արձանագրուած է մահուան 39
26 Մայիսի 2020
2 ր. ընթերցում
Հայաստան. «Քորոնա»ով վարակուածներուն թիւը հասաւ 7402-ի

Հայաստանի մէջ, 26 մայիսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 7402 դէպք, որոնցմէ 3220ը` առողջացած:

Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 4052 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 52 554 քննութիւն: Այսպիսով` կայ «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 289 նոր դէպք եւ 75 առողջացած։

Ընդհանուր առմամբ, «Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 91 (աւելցած է եւս 4-ով) դէպք:

ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդները եղած են 81 (կին), 85 (տղամարդ), 70 (կին), 83 (կին)  տարեկան, եւ ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։

Արձանագրուած է մահուան 39 դէպք, երբ հիւանդին մօտ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային վարակ, սակայն մահը վրայ հասած է այլ հիւանդութեան պատճառով։ 

Պէտք է օգնել իրարու՝ տնտեսութիւնը նոր ցնցումներու չենթարկելու համար. Փաշինեանը՝ «Քորոնա» ժահրի տարածման կանխարգելման մասին
Նախորդ նիւթը

Պէտք է օգնել իրարու՝ տնտեսութիւնը նոր ցնցումներու չենթարկելու համար. Փաշինեանը՝ «Քորոնա» ժահրի տարածման կանխարգելման մասին

Վարչապետը «Քորոնա»ի դէմ  պայքարին համար նոր ուղեգիծի մասին խօսեցաւ
Յաջորդ նիւթը

Վարչապետը «Քորոնա»ի դէմ  պայքարին համար նոր ուղեգիծի մասին խօսեցաւ

ԱնցնիլՎեր