Հայկական կողմի վիրաւորներու ճշգրիտ թիւը 4 է. ՀՀ ՊՆ

Ճշդուած տեղեկութիւններով, 28 Յուլիսին, ատրպէյճանական Զինուած ուժերու կողմէ իրականացուած սադրանքի հետեւանքով հայկական կողմի վիրաւորներու ճշգրիտ թիւը 4-ն է։ Այս մասին կը հաղորդեն Հայաստանի ՊՆ-էն: Ժամը 13։00-ի դրութեամբ իրադրութիւնը հայ-ատրպէյճանական սահմանի Գեղարքունիքի հատուածին մէջ կայուն է, կրակի դադարեցման պայմանաւորուածութիւնը հիմնական կը կատարուի։ Սահմանի մնացած հատուածներուն մէջ իրադրութիւնը յարաբերականորեն հանգիստ է։ Յիշեցնենք, որ 28 Յուլիսին, ժամը 03:40-ի սահմաններուն, ատրպէյճանական ԶՈւ ստորաբաժանումները հերթական անգամ դիմած են սադրանքի եւ խախտած հրադադարը հայ-ատրպէյճանական սահմանը հիւսիս-արեւելեան հատուածին մէջ: Ըստ ՊՆ–ի հաղորդագրութեան՝ ընթացած են տեղային մարտեր: Ժամը 08։30-ի դրութեամբ, հայկական կողմը ունի երեք զոհ եւ 4 վիրաւոր։ Ըստ ՊՆ-ի՝ ժամը 9։20-ի դրութեամբ, ատրպէյճանական ստորաբաժանումները, տալով կորուստներ, ետ
28 Հուլիսի 2021
4 ր. ընթերցում
Հայկական կողմի վիրաւորներու ճշգրիտ թիւը 4 է. ՀՀ ՊՆ

Ճշդուած տեղեկութիւններով, 28 Յուլիսին, ատրպէյճանական Զինուած ուժերու կողմէ իրականացուած սադրանքի հետեւանքով հայկական կողմի վիրաւորներու ճշգրիտ թիւը 4-ն է։ Այս մասին կը հաղորդեն Հայաստանի ՊՆ-էն:

Ժամը 13։00-ի դրութեամբ իրադրութիւնը հայ-ատրպէյճանական սահմանի Գեղարքունիքի հատուածին մէջ կայուն է, կրակի դադարեցման պայմանաւորուածութիւնը հիմնական կը կատարուի։

Սահմանի մնացած հատուածներուն մէջ իրադրութիւնը յարաբերականորեն հանգիստ է։

Յիշեցնենք, որ 28 Յուլիսին, ժամը 03:40-ի սահմաններուն, ատրպէյճանական ԶՈւ ստորաբաժանումները հերթական անգամ դիմած են սադրանքի եւ խախտած հրադադարը հայ-ատրպէյճանական սահմանը հիւսիս-արեւելեան հատուածին մէջ: Ըստ ՊՆ–ի հաղորդագրութեան՝ ընթացած են տեղային մարտեր: Ժամը 08։30-ի դրութեամբ, հայկական կողմը ունի երեք զոհ եւ 4 վիրաւոր։

Ըստ ՊՆ-ի՝ ժամը 9։20-ի դրութեամբ, ատրպէյճանական ստորաբաժանումները, տալով կորուստներ, ետ շպրտուած են իրենց ելման դիրքեր։ Փոխհրաձգութիւնը շարունակուած է:

Աւելի ուշ, ՊՆ–էն յայտնած են, որ ՌԴ խաղաղապահ զօրքերու հրամանատարութեան միջնորդութեամբ ձեռք է բերուած է պայմանաւորուածութիւն հիւսիս-արեւելեան ուղղութեամբ հայ-ատրպէյճանական զօրքերու շփման գիծին վրայ հրադադարի ռեժիմը վերականգնելու վերաբերեալ։ Այս պահուն, նշուած պայմանաւորուածութիւնը հիմնական կը կատարուի։

Դեսպան. Ֆրանսան պատրաստ է քննարկել Երեւանի կողմէ Ֆրանսային հասցէագրուած բոլոր դիմումները
Նախորդ նիւթը

Դեսպան. Ֆրանսան պատրաստ է քննարկել Երեւանի կողմէ Ֆրանսային հասցէագրուած բոլոր դիմումները

Զոհուած աւագ ենթասպայ Հայկ Գէորգեանը երկու անչափահաս տղաներու հայր էր
Յաջորդ նիւթը

Զոհուած աւագ ենթասպայ Հայկ Գէորգեանը երկու անչափահաս տղաներու հայր էր

ԱնցնիլՎեր