Հայկական կողմն ունի զոհ եւ վիրաւորներ, փոխհրաձգութիւնը դադրած է. ՊՆ

Դեկտեմբեր 10-ին, ժամը 12։00-ի սահմաններուն, Ատրպէյճանի Զինուած ուժերու ստորաբաժանումները յարձակում գործած են հայ-ատրպէյճանական սահմանի արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած հայկական մարտական դիրքերուն վրայ։ Հայկական կողմի պատասխան գործողութիւններուն հետեւանքով հակառակորդը, կրելով մարդկային կորուստներ, ետ շպրտուած է ելման դիրքեր։ Նախայարձակ գործողութիւններով ծաւալած փոխհրաձգութեան հետեւանքով հայկական կողմը ունի մէկ զոհ, եւս քանի մը զինուոր վիրաւոր է։ Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը: Ժամը 14։30-ի դրութեամբ փոխհրաձգութիւնը դադրած է։ Իրավիճակը կը գտնուի ՀՀ Զինուած ուժերու լիարժէք վերահսկողութեան ներքոյ։
10 Դեկտեմբերի 2021
2 ր. ընթերցում
Հայկական կողմն ունի զոհ եւ վիրաւորներ, փոխհրաձգութիւնը դադրած է. ՊՆ

Դեկտեմբեր 10-ին, ժամը 12։00-ի սահմաններուն, Ատրպէյճանի Զինուած ուժերու ստորաբաժանումները յարձակում գործած են հայ-ատրպէյճանական սահմանի արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած հայկական մարտական դիրքերուն վրայ։ Հայկական կողմի պատասխան գործողութիւններուն հետեւանքով հակառակորդը, կրելով մարդկային կորուստներ, ետ շպրտուած է ելման դիրքեր։

Նախայարձակ գործողութիւններով ծաւալած փոխհրաձգութեան հետեւանքով հայկական կողմը ունի մէկ զոհ, եւս քանի մը զինուոր վիրաւոր է։ Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը:

Ժամը 14։30-ի դրութեամբ փոխհրաձգութիւնը դադրած է։ Իրավիճակը կը գտնուի ՀՀ Զինուած ուժերու լիարժէք վերահսկողութեան ներքոյ։

ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Ընկ. Մայք Խարապեանի հանդիպումները Երեւանի մէջ (Լուսանկարներ)
Նախորդ նիւթը

ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Ընկ. Մայք Խարապեանի հանդիպումները Երեւանի մէջ (Լուսանկարներ)

Արմէն Չարչեանն ազատ արձակուեցաւ
Յաջորդ նիւթը

Արմէն Չարչեանն ազատ արձակուեցաւ

ԱնցնիլՎեր