Հայկական «Նոր շէն» գիւղը շրջափակուած է.Եղած է տարհանում

Շուշիի շրջանի Նոր Շէն գիւղն ատրպէյճանական շրջափակման մէջ յայտնուած է։ Այս տեղեկութիւնը NEWS.am-ին յայտնած է Նոր Շէնի համայնքապետ Դաւիթ Դաւթեանը։ Ան ըսած է, որ այս պահուն գիւղին մէջ հանգիստ վիճակ է. «Շրջափակման մէջ է գիւղը, բայց վիճակը հանգիստ է, որեւէ գործողութիւն չի իրականացւում։ Մեր գիւղի մի մասով բաց հատուած կայ, որտեղով կարողացել ենք բնակիչներին տարհանել»։ Համայնքապետը ըսած է, որ ինքը մնացած է համայնքին մէջ։ «Այս պահին եկել են ռուս խաղաղապահները։ Ուղղակի հոգեբանօրէն ճնշում է կատարւում։ Ժողովուրդը խուճապի մէջ է»,- ըսած է Դաւթեանը։ Նշենք, որ ատրպէյճանական շրջափակման մէջ է յայտնուած է նաեւ Շուշիի շրջանի Հին Շէն գիւղը, բնակիչներն ալ այս պահուն գիւղն
15 Դեկտեմբերի 2020
2 ր. ընթերցում
Հայկական «Նոր շէն» գիւղը շրջափակուած է.Եղած է տարհանում

Շուշիի շրջանի Նոր Շէն գիւղն ատրպէյճանական շրջափակման մէջ յայտնուած է։ Այս տեղեկութիւնը NEWS.am-ին յայտնած է Նոր Շէնի համայնքապետ Դաւիթ Դաւթեանը։

Ան ըսած է, որ այս պահուն գիւղին մէջ հանգիստ վիճակ է. «Շրջափակման մէջ է գիւղը, բայց վիճակը հանգիստ է, որեւէ գործողութիւն չի իրականացւում։ Մեր գիւղի մի մասով բաց հատուած կայ, որտեղով կարողացել ենք բնակիչներին տարհանել»։

Համայնքապետը ըսած է, որ ինքը մնացած է համայնքին մէջ։

«Այս պահին եկել են ռուս խաղաղապահները։ Ուղղակի հոգեբանօրէն ճնշում է կատարւում։ Ժողովուրդը խուճապի մէջ է»,- ըսած է Դաւթեանը։

Նշենք, որ ատրպէյճանական շրջափակման մէջ է յայտնուած է նաեւ Շուշիի շրջանի Հին Շէն գիւղը, բնակիչներն ալ այս պահուն գիւղն են։

Յիշեցնենք, որ Արցախի Քաշաթաղի շրջանի վարչակազմը 13 դեկտեմբերին, յայտնած էր, որ ատրպէյճանական  ստորաբաժանումը առաջացած է դէպի Շուշիի շրջանի Մեծ Շէն եւ Հին Շէն բնակավայրերն իրար միացնող գիւղամիջեան ճանապարհ։

«Արցախեան պատերազմին պէտք է աջակցէինք Հայաստանին». իրանցի պատգամաւոր
Նախորդ նիւթը

«Արցախեան պատերազմին պէտք է աջակցէինք Հայաստանին». իրանցի պատգամաւոր

Ջերմուկի ուղղութեամբ եղած է սահմաններու ճշգրտում
Յաջորդ նիւթը

Ջերմուկի ուղղութեամբ եղած է սահմաններու ճշգրտում

ԱնցնիլՎեր