Հայկ Պետրոսեանն ու ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարը քննարկած են հայ-ատրպեճանական սահմանին տիրող իրավիճակը

ՀՀ Անվտանգութեան խորհուրդի գրասենեակին մէջ տեղի ունեցած է ԱԽ գրասենեակի ղեկավար Հայկ Պետրոսեանի հանդիպումը Հայաստան աշխատանքային այցով գտնուող ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղար Սթանիսլաւ Զասի հետ:  Հանդիպման ընթացքին քննարկուած է հայ-ատրպեճանական սահմանին տիրող իրավիճակը, անոր շուրջ վերջին զարգացումները եւ ՀԱՊԿ շրջածիրէն ներս առկայ մեքենականութիւններու օգտագործման հնարաւորութիւնները իրավիճակի խաղաղ կարգաւորման գործընթացին: Զրուցակիցները անդրադարձած են նաեւ 2021 Սեպտեմբերին Տաճիկիստանի մէջ կայանալիք ՀԱՊԿ անվտանգութեան խորհուրդներու քարտուղարներու կոմիտէի նիստին քննարկուելիք փաստաթուղթերու նախագիծերու համաձայնեցման, ինչպէս նաեւ կազմակերպութեան մէջ Հայաստանի առաջիկայ նախագահութեան առաջնահերթութիւններու նախապատրաստման ընթացքին: Հայաստանը ՀԱՊԿ նախագահութիւնը պիտի ստանձնէ այս տարուան 16 Սեպտեմբերին։ Զասի Հայաստան այցի շրջածիրէն ներս հանդիպումներ նախատեսուած են նաեւ ՀՀ վարչապետի, պաշտպանական գերատեսչութեան ղեկավարի հետ։ 
9 Օգոստոսի 2021
3 ր. ընթերցում
Հայկ Պետրոսեանն ու ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարը քննարկած են հայ-ատրպեճանական սահմանին տիրող իրավիճակը

ՀՀ Անվտանգութեան խորհուրդի գրասենեակին մէջ տեղի ունեցած է ԱԽ գրասենեակի ղեկավար Հայկ Պետրոսեանի հանդիպումը Հայաստան աշխատանքային այցով գտնուող ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղար Սթանիսլաւ Զասի հետ: 

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած է հայ-ատրպեճանական սահմանին տիրող իրավիճակը, անոր շուրջ վերջին զարգացումները եւ ՀԱՊԿ շրջածիրէն ներս առկայ մեքենականութիւններու օգտագործման հնարաւորութիւնները իրավիճակի խաղաղ կարգաւորման գործընթացին:

Զրուցակիցները անդրադարձած են նաեւ 2021 Սեպտեմբերին Տաճիկիստանի մէջ կայանալիք ՀԱՊԿ անվտանգութեան խորհուրդներու քարտուղարներու կոմիտէի նիստին քննարկուելիք փաստաթուղթերու նախագիծերու համաձայնեցման, ինչպէս նաեւ կազմակերպութեան մէջ Հայաստանի առաջիկայ նախագահութեան առաջնահերթութիւններու նախապատրաստման ընթացքին:

Հայաստանը ՀԱՊԿ նախագահութիւնը պիտի ստանձնէ այս տարուան 16 Սեպտեմբերին։

Զասի Հայաստան այցի շրջածիրէն ներս հանդիպումներ նախատեսուած են նաեւ ՀՀ վարչապետի, պաշտպանական գերատեսչութեան ղեկավարի հետ։ 

Արմէն Գրիգորեանն ու Սթանիսլաւ Զասը քննարկած են ՀԱՊԿ-ի մէջ Հայաստանի գալիք նախագահութիւնը
Նախորդ նիւթը

Արմէն Գրիգորեանն ու Սթանիսլաւ Զասը քննարկած են ՀԱՊԿ-ի մէջ Հայաստանի գալիք նախագահութիւնը

Երկարատեւ դադարէ ետք Մալաթիայի վերանորոգուած հայկական եկեղեցւոյ մէջ պատարագ պիտի մատուցուի
Յաջորդ նիւթը

Երկարատեւ դադարէ ետք Մալաթիայի վերանորոգուած հայկական եկեղեցւոյ մէջ պատարագ պիտի մատուցուի

ԱնցնիլՎեր