Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան-hիմնարկը համալրուած է հազարէ աւելի ցուցանմուշով

Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի թանգարանային ֆոնտը վերջին մէկ տարուան մէջ թէ՛ ՀՀ քաղաքացիներու, թէ՛ օտարերկրացիներու նուիրատուութիւններու շնորհիւ համալրուած է հազարէ աւելի ցուցանմուշով: Այս մասին նշեց Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Յարութիւն Մարութեանը: Անոնք անձնական իրեր են, փաստաթուղթեր, լուսանկարներ եւ այլն: Մասնաւորապէս, պատմաբան Գէորգ Եազըճեանը նուիրած է 1960-2020 թուականներուն վերաբերող լիբանանահայ իրականութեան մէջ օգտագործուած բազմաթիւ ազդագրեր, կոչեր, գրութիւններ` նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան թեմային: Վերջին շաբաթներու ընթացքին, որպէս նուիրաբերութիւն, թանգարանին յանձնուեցան Պելճիքա բնակող նկարիչ Սամօ Ասլանեանի աւելի քան տասնեակ գեղանկարները: Վահան Պուռնազեանը փոխանցած է Պուռնազեան-Անանեան ընտանեկան մասունքներ` ժամացոյցներ, Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան թղթադրամ: Զուիցերիայէն Ֆելիքս Ցիկլերէն ստացուած է զուիցերիացի միսիոներ Յակոբ Քիւնցլերի գիրքը` Քարեն Եփփէին ուղղուած
18 Ապրիլի 2022
5 ր. ընթերցում
Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան-hիմնարկը համալրուած է հազարէ աւելի ցուցանմուշով

Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի թանգարանային ֆոնտը վերջին մէկ տարուան մէջ թէ՛ ՀՀ քաղաքացիներու, թէ՛ օտարերկրացիներու նուիրատուութիւններու շնորհիւ համալրուած է հազարէ աւելի ցուցանմուշով: Այս մասին նշեց Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Յարութիւն Մարութեանը: Անոնք անձնական իրեր են, փաստաթուղթեր, լուսանկարներ եւ այլն: Մասնաւորապէս, պատմաբան Գէորգ Եազըճեանը նուիրած է 1960-2020 թուականներուն վերաբերող լիբանանահայ իրականութեան մէջ օգտագործուած բազմաթիւ ազդագրեր, կոչեր, գրութիւններ` նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան թեմային: Վերջին շաբաթներու ընթացքին, որպէս նուիրաբերութիւն, թանգարանին յանձնուեցան Պելճիքա բնակող նկարիչ Սամօ Ասլանեանի աւելի քան տասնեակ գեղանկարները: Վահան Պուռնազեանը փոխանցած է Պուռնազեան-Անանեան ընտանեկան մասունքներ` ժամացոյցներ, Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան թղթադրամ: Զուիցերիայէն Ֆելիքս Ցիկլերէն ստացուած է զուիցերիացի միսիոներ Յակոբ Քիւնցլերի գիրքը` Քարեն Եփփէին ուղղուած հեղինակի ընծայագրով: Արամ Գրիգորեանը նուիրաբերած է Հետվիկ Պիւլի լուսանկարներ, նամակներ: Զուիցերիա բնակող Տ. Շնորք քահանայ Չէքիճեանէն ստացուած են արաբկիրցի ոսկերիչ Սարգիս Կէօզուպուլուքեանի ձեռագործ գօտին եւ ոսկերիչի գործիք:  Ընդհանուր առմամբ, թանգարանային ֆոնտը համալրուած է 1423 ցուցանմուշով:

2021 թուականին թանգարանին գրադարանը համալրուած է 913 միաւոր գրականութեամբ: Մասնաւորապէս, թանգարանը համալրուած է ցեղասպանագէտ Իսրայէլ Չառնիի անձնական գրադարանի աւելի քան 50 միաւոր գիրքով: ՀՀ Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Պատմութեան Հիմնարկի տնօրէնութեան հետ պայմանաւորուածութեան շնորհիւ գրադարանը հարստացած է վերջին 10 տարիներուն Պատմութեան Հիմնարկին կողմէ հրատարակուած շուրջ 70 անուն մասնագիտական գրականութեամբ:

Ապրիլ 24-ին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր պիտի այցելեն Իսրայէլէն եւ Սուրիայէն պատգամաւորներ
Նախորդ նիւթը

Ապրիլ 24-ին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր պիտի այցելեն Իսրայէլէն եւ Սուրիայէն պատգամաւորներ

Ամբողջական աջակցութիւն Փաշինեանին եւ խաղաղ, կայուն եւ անվտանգ Հարաւային Կովկաս ունենալու ջանքերուն. Միշելը՝ Փաշինեանի հետ հեռախօսազրոյցի մասին
Յաջորդ նիւթը

Ամբողջական աջակցութիւն Փաշինեանին եւ խաղաղ, կայուն եւ անվտանգ Հարաւային Կովկաս ունենալու ջանքերուն. Միշելը՝ Փաշինեանի հետ հեռախօսազրոյցի մասին

ԱնցնիլՎեր