Հայ գերիին հանդէպ եղածը խստօրէն դատապարտելի է. Հայաստանի ՄԻՊ ներկայացուցիչ (Տեսանիւթ)

Սա հերթական ապացոյցն է, որ կը հաստատէ ահաբեկչական մեթոտներով էթնիք զտումներու ու ցեղասպանութեան համակարգուած ատրպէյճանական քաղաքականութիւնը Արցախի մէջ: Այս մասին իր դիմատետրի էջին գրառում կատարած է ՀՀ ՄԻՊ Արման Թաթոյեանը եւ հրապարակեած գերի ինկած հայ տարեց քաղաքացիի մասին տեսանիւթը: «Այս տեսանիւթին մէջ ատրպէյճանական զինուորականները կը նուաստացնեն տարեց մարդը, էթնիք հայը, անոր բացառիկ ցինիզմով կ’ենթարկեն բացայայտ անմարդկային վերաբերմունքի: Այդ կ’ընեն միայն այն բանի համար, որ մարդը էթնիք հայ է. ատելութիւնը Ատրպէյճանի մէջ այնքան համակարգուած է ու պետական մակարդակով կը խրախուսուի այնքան բարձր, որ այս զինուորականներուն չի հետաքրքրեր, որ մարդը անօգնական է, տարեց է եւ ունի մարդկային արժանապատւութիւն: Հակառակը՝ անոնք մարդոց կ’արժանացնեն
19 Նոյեմբերի 2020
5 ր. ընթերցում
Հայ գերիին հանդէպ եղածը խստօրէն դատապարտելի է. Հայաստանի ՄԻՊ ներկայացուցիչ (Տեսանիւթ)

Սա հերթական ապացոյցն է, որ կը հաստատէ ահաբեկչական մեթոտներով էթնիք զտումներու ու ցեղասպանութեան համակարգուած ատրպէյճանական քաղաքականութիւնը Արցախի մէջ: Այս մասին իր դիմատետրի էջին գրառում կատարած է ՀՀ ՄԻՊ Արման Թաթոյեանը եւ հրապարակեած գերի ինկած հայ տարեց քաղաքացիի մասին տեսանիւթը:

«Այս տեսանիւթին մէջ ատրպէյճանական զինուորականները կը նուաստացնեն տարեց մարդը, էթնիք հայը, անոր բացառիկ ցինիզմով կ’ենթարկեն բացայայտ անմարդկային վերաբերմունքի:

Այդ կ’ընեն միայն այն բանի համար, որ մարդը էթնիք հայ է. ատելութիւնը Ատրպէյճանի մէջ այնքան համակարգուած է ու պետական մակարդակով կը խրախուսուի այնքան բարձր, որ այս զինուորականներուն չի հետաքրքրեր, որ մարդը անօգնական է, տարեց է եւ ունի մարդկային արժանապատւութիւն:

Հակառակը՝ անոնք մարդոց կ’արժանացնեն այսպիսի վերաբերմունքի ու յետոյ այդ լայնօրէն կը տարածէ ընկերային ցանցերով՝ սեփական հասարակութեան մէջ գովեստի ու թուացեալ «հերոսութեան» արժանանալու համար:

Մէկ կարեւոր փաստ. այս արարքը ոչ թէ խումբ մը զինծառայողներու առանձին յանցագործութիւն է, այլ 2020 թուականի սեպտեմբեր-նոյեմբեր ամիսներու պատերազմի ընթացքին ատրպէյճանական լայնածաւալ ու պետական բարձր մակարադակով խրախուսուող յանցաւոր արարքներու՝ խոշտանգումներու ու վայրագութիւններու, դաժանութիւններու համակարգի անբաժան բաղադրիչ:

 

Սա հերթական ապացոյցն է, որ կը հաստատէ ահաբեկչական մեթոտներով էթնիք զտումներու ու ցեղասպանութեան համակարգուած ատրպէյճանական քաղաքականութիւնը Արցախի մէջ:

Այսպիսի արարքները ոչ միայն արգիլուած են մարդկութեան յայտնի բոլոր միջազգային պահանջներով, այլ անոնք նոյնիսկ մարդկային երեւակայութեան մէջ չեն տեղաւորուիր:

Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպանի հետ ներկայիս կ’ամփոփենք՝ այս ապացոյցի ամրագրման, անհրաժեշտ ձեւակերպումներու ու միջազգային մարմիններուն ներկայացնելու համար»:

Հայաստանի ֆութպոլի խումբը յաղթեց՝ Հիւսիսային Մակեդոնիոյ
Նախորդ նիւթը

Հայաստանի ֆութպոլի խումբը յաղթեց՝ Հիւսիսային Մակեդոնիոյ

Ադրբեջանական զինծառայողները անմարդկային վերաբերմունք են դրսևորում հայ տարեց մարդու նկատմամբ
Յաջորդ նիւթը

Ադրբեջանական զինծառայողները անմարդկային վերաբերմունք են դրսևորում հայ տարեց մարդու նկատմամբ

ԱնցնիլՎեր