Հայ գերիներու նկատմամբ հակառակորդի անմարդկային, դաժան վերաբերմունքի մասին տեսանիւթեր եւ լուսանկարներ տարածուած են. ՀՀ ՄԻՊ

Այսօր Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանը ձեռք բերած է հայ գերիներու նկատմամբ ատրպէյճանական զինուած ուժերու անմարդկային, դաժան վերաբերմունքը ցուցադրող երկու տեսանիւթ եւ լուսանկարներ: Այս մասին ֆեյսպուքեան իր էջին գրած է ՀՀ ՄԻՊ Արման Թաթոյեանը։ «Այսօր Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանը ձեռք բերած է հայ գերիներու նկատմամբ ատրպէյճանական զինուած ուժերու անմարդկային, դաժան վերաբերմունքը ցուցադրող երկու տեսանիւթ եւ լուսանկարներ: Այդ տեսանիւթերուն մէջ Ատրպէյճանի զինուորականները մարդոց կ’ենթարկեն առաւելագոյն նուաստացման, իսկ յետոյ բացառիկ ցինիզմով դաժանաբար կը սպանեն: Ատրպէյճանի զինուած ուժերու ներկայացուցիչներու պահուածքն ու խօսքը լեցուած են ատելութեամբ: Այս տեսանիւթերը տարածուած են այսօր ատրպէյճանական աղբիւրներով՝ նաեւ թիրախաւորելով երեխաներ ու տարեցներ: Այնուհետեւ, Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հրապարակած է հերքում
15 Հոկտեմբերի 2020
5 ր. ընթերցում
Հայ գերիներու նկատմամբ հակառակորդի անմարդկային, դաժան վերաբերմունքի մասին տեսանիւթեր եւ լուսանկարներ տարածուած են. ՀՀ ՄԻՊ

Այսօր Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանը ձեռք բերած է հայ գերիներու նկատմամբ ատրպէյճանական զինուած ուժերու անմարդկային, դաժան վերաբերմունքը ցուցադրող երկու տեսանիւթ եւ լուսանկարներ: Այս մասին ֆեյսպուքեան իր էջին գրած է ՀՀ ՄԻՊ Արման Թաթոյեանը։

«Այսօր Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանը ձեռք բերած է հայ գերիներու նկատմամբ ատրպէյճանական զինուած ուժերու անմարդկային, դաժան վերաբերմունքը ցուցադրող երկու տեսանիւթ եւ լուսանկարներ:

Այդ տեսանիւթերուն մէջ Ատրպէյճանի զինուորականները մարդոց կ’ենթարկեն առաւելագոյն նուաստացման, իսկ յետոյ բացառիկ ցինիզմով դաժանաբար կը սպանեն: Ատրպէյճանի զինուած ուժերու ներկայացուցիչներու պահուածքն ու խօսքը լեցուած են ատելութեամբ:

Այս տեսանիւթերը տարածուած են այսօր ատրպէյճանական աղբիւրներով՝ նաեւ թիրախաւորելով երեխաներ ու տարեցներ:

Այնուհետեւ, Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հրապարակած է հերքում այն մասին, թէ իրենք առնչութիւն չունին տեսանիւթերուն հետ: Անկէ ետք, համացանցի ատրպէյճանական աղբիւրներէն սկսած են հեռացնել տեսանիւթերը:

Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմը, սակայն, բոլոր աղբիւրները ժամանակին փաստագրած է:

Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմի փորձագէտները ճշգրիտ տեղորոշած են նաեւ ատրպէյճանական յանցաւոր արարքներու կատարման վայրն ու ժամը: Կատարուած է օգտագործուող խօսքի թարգմանութիւն, որ ամրագրուած է տեսանիւթերուն մէջ:

Տեսանիւթերն ու լուսանկարները արդէն ստացած են անհրաժեշտ իրաւական ամրագրում՝ որպէս պատերազմական յանցագործութեան մասին վկայող անհերքելի իրաւական ապացոյցներ:

Տեսանիւթերը եւ լուսանկարները անհրաժեշտ նկարագրութեամբ վաղը առաւօտեան պիտի ուղարկուին միջազգային մարմիններուն՝ ըստ իրաւասութեան»,- գրած է ան։

Վայրկեաններ առաջ հրթիռակոծուեցաւ Ստեփանակերտը
Նախորդ նիւթը

Վայրկեաններ առաջ հրթիռակոծուեցաւ Ստեփանակերտը

Մի քանի անգամ յարձակող ալիքներով փորձած են գրաւել մեր դիրքերը, ետ շպրտուած են. Արծրուն Յովհաննիսեան
Յաջորդ նիւթը

Մի քանի անգամ յարձակող ալիքներով փորձած են գրաւել մեր դիրքերը, ետ շպրտուած են. Արծրուն Յովհաննիսեան

ԱնցնիլՎեր