ՀԱՊԿ առաքելութեան առաջապահ խումբը աւարտած է աշխատանքն ու մեկնած Մոսկուա

ՀԱՊԿ առաքելութեան առաջապահ խումբը հայ-ատրպէյճանական սահմանին ապամագլցումի համար առաջարկութիւններ մշակած է։ ՀԱՊԿ միացեալ շտաբի մամուլի ծառայութիւնը հաղորդած է, որ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ տեղի ունեցած է խորհրդակցութիւն՝ նուիրուած Հայաստանի մէջ ՀԱՊԿ առաքելութեան առաջապահ խումբի աշխատանքի արդիւնքներուն։ «Զօրավար-գնդապետ Անաթոլի Սիտորով, որ կը գլխաւորէ առաջապահ խումբը, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանին տեղեկացուցած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին առանձին հատուածներու մէջ իրավիճակի վերլուծութեան արդիւնքներու, հիմնական եզրակացութիւններու եւ համապատասխան միջոցառումներու վերաբերեալ առաջարկներու մասին։ Տեղի ունեցած է միտքերու անկեղծ, կառուցողական փոխանակում։ Մշակուած առաջարկներն ուղղուած են առաջացած լարուածութեան թուլացման։ Հանդիպումէն ետք առաջապահ խումբը մեկնած է Մոսկուա»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։
20 Սեպտեմբերի 2022
2 ր. ընթերցում
ՀԱՊԿ առաքելութեան առաջապահ խումբը աւարտած է աշխատանքն ու մեկնած Մոսկուա

ՀԱՊԿ առաքելութեան առաջապահ խումբը հայ-ատրպէյճանական սահմանին ապամագլցումի համար առաջարկութիւններ մշակած է։

ՀԱՊԿ միացեալ շտաբի մամուլի ծառայութիւնը հաղորդած է, որ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ տեղի ունեցած է խորհրդակցութիւն՝ նուիրուած Հայաստանի մէջ ՀԱՊԿ առաքելութեան առաջապահ խումբի աշխատանքի արդիւնքներուն։

«Զօրավար-գնդապետ Անաթոլի Սիտորով, որ կը գլխաւորէ առաջապահ խումբը, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանին տեղեկացուցած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին առանձին հատուածներու մէջ իրավիճակի վերլուծութեան արդիւնքներու, հիմնական եզրակացութիւններու եւ համապատասխան միջոցառումներու վերաբերեալ առաջարկներու մասին։

Տեղի ունեցած է միտքերու անկեղծ, կառուցողական փոխանակում։ Մշակուած առաջարկներն ուղղուած են առաջացած լարուածութեան թուլացման։

Հանդիպումէն ետք առաջապահ խումբը մեկնած է Մոսկուա»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Պաքուն անդրադարձած է Երեւանի մէջ Նենսի Փելոսիի այցին եւ յայտարարութիւններուն
Նախորդ նիւթը

Պաքուն անդրադարձած է Երեւանի մէջ Նենսի Փելոսիի այցին եւ յայտարարութիւններուն

«Զանգեզուրի միջանցք» հասկացութիւնը կեղծիք է. Ահմատ Քազեմի
Յաջորդ նիւթը

«Զանգեզուրի միջանցք» հասկացութիւնը կեղծիք է. Ահմատ Քազեմի

ԱնցնիլՎեր