ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարը ՀՀ զինուած ուժերու Գլխաւոր շտաբի պետի հետ քննարկած է սահմանի իրավիճակը

ՀԱՊԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Սթանիսլաւ Զասը, որ Հայաստան է եւ կը գլխաւորէ ՀԱՊԿ-ի առաքելութիւնը, հանդիպած է հանրապետութեան Զինուած Ուժերու Գլխաւոր շտաբի պետ, զօրավար-մայոր Էտուարտ Ասրեանին հետ։ Այս մասին տեղեկացուցած է ՀԱՊԿ-ի մամուլի քարտուղար Վլատիմիր Զայնէտտինովը։ «Տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանամերձ որոշ շրջաններու մէջ իրադրութեան հանգամանալից քննարկում։ Քննարկուած է ստեղծուած իրավիճակին մէջ կազմակերպութեան կողմէ հետագայ հնարաւոր միջոցներու ընդունման հարցը»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։ Յիշեցնենք, որ ՀԱՊԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Սթանիսլաւ Զասը ժամանած է Հայաստան՝ ՀԱՊԿ-ի առաքելութիւնը գլխաւորելով, 13 սեպտեմբերին ՀԱՊԿ-ի Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի արտահերթ նիստի որոշման համապատասխան։ Առաքելութեան կազմին մէջ են ՀԱՊԿ-ի անդամ պետութիւններու ներկայացուցիչները, որոնք կազմակերպութեան աշխատանքային մարմիններու աշխատակիցներ են։
22 Սեպտեմբերի 2022
2 ր. ընթերցում
ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարը ՀՀ զինուած ուժերու Գլխաւոր շտաբի պետի հետ քննարկած է սահմանի իրավիճակը

ՀԱՊԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Սթանիսլաւ Զասը, որ Հայաստան է եւ կը գլխաւորէ ՀԱՊԿ-ի առաքելութիւնը, հանդիպած է հանրապետութեան Զինուած Ուժերու Գլխաւոր շտաբի պետ, զօրավար-մայոր Էտուարտ Ասրեանին հետ։ Այս մասին տեղեկացուցած է ՀԱՊԿ-ի մամուլի քարտուղար Վլատիմիր Զայնէտտինովը։

«Տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանամերձ որոշ շրջաններու մէջ իրադրութեան հանգամանալից քննարկում։ Քննարկուած է ստեղծուած իրավիճակին մէջ կազմակերպութեան կողմէ հետագայ հնարաւոր միջոցներու ընդունման հարցը»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Յիշեցնենք, որ ՀԱՊԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Սթանիսլաւ Զասը ժամանած է Հայաստան՝ ՀԱՊԿ-ի առաքելութիւնը գլխաւորելով, 13 սեպտեմբերին ՀԱՊԿ-ի Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի արտահերթ նիստի որոշման համապատասխան։ Առաքելութեան կազմին մէջ են ՀԱՊԿ-ի անդամ պետութիւններու ներկայացուցիչները, որոնք կազմակերպութեան աշխատանքային մարմիններու աշխատակիցներ են։

Միրզոյեան Նիւ Եորքի մէջ  բարձրաձայնած է Ատրպէյճանի անընդունելի վարքին մասին
Նախորդ նիւթը

Միրզոյեան Նիւ Եորքի մէջ բարձրաձայնած է Ատրպէյճանի անընդունելի վարքին մասին

Միացեալ Նահանգներ կանգնած է Հայաստանի կողքին. Պայտըն՝ Փաշինեանին
Յաջորդ նիւթը

Միացեալ Նահանգներ կանգնած է Հայաստանի կողքին. Պայտըն՝ Փաշինեանին

ԱնցնիլՎեր