Միացեալ Նահանգներ կանգնած է Հայաստանի կողքին. Պայտըն՝ Փաշինեանին

Միացեալ Նահանգները կանգնած է Հայաստանի կողքին։ ՀՀ Անկախութեան տօնի առթիւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին ուղղուած շնորհաւորական ուղերձին մէջ ըսած է ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտըն: Այս մասին կը յայտնէ վարչապետի մամուլի ծառայութիւնը։ «Մենք պիտի շարունակենք աջակցիլ հայ ժողովուրդի ժողովրդավարական ձգտումներուն, ինքնիշխանութեան եւ անվտանգութեան։ Վերջին ռազմական գործողութիւնները կ’ընդգծեն մեր դիւանագիտութիւնը կրկնապատկելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի Հայաստանը կարողանայ նայիլ դէպի բարգաւաճ եւ խաղաղ ապագայ, որ կը ներառէ հարեւաններու հետ յարաբերութիւններու կարգաւորում»,–ըսած է Պայտընն իր ուղերձին մէջ։ Անոր խօսքով` Միացեալ Նահանգներ հաւատարիմ կը մնայ Փաշինեանի եւ այլ կողմերու հետ աշխատելու՝ աջակցելու հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման, նաեւ՝ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի համար: Պայտըն նշած է նաեւ, որ այս տարի
22 Սեպտեմբերի 2022
3 ր. ընթերցում
Միացեալ Նահանգներ կանգնած է Հայաստանի կողքին. Պայտըն՝ Փաշինեանին

Միացեալ Նահանգները կանգնած է Հայաստանի կողքին։ ՀՀ Անկախութեան տօնի առթիւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին ուղղուած շնորհաւորական ուղերձին մէջ ըսած է ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտըն: Այս մասին կը յայտնէ վարչապետի մամուլի ծառայութիւնը։

«Մենք պիտի շարունակենք աջակցիլ հայ ժողովուրդի ժողովրդավարական ձգտումներուն, ինքնիշխանութեան եւ անվտանգութեան։ Վերջին ռազմական գործողութիւնները կ’ընդգծեն մեր դիւանագիտութիւնը կրկնապատկելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի Հայաստանը կարողանայ նայիլ դէպի բարգաւաճ եւ խաղաղ ապագայ, որ կը ներառէ հարեւաններու հետ յարաբերութիւններու կարգաւորում»,–ըսած է Պայտընն իր ուղերձին մէջ։

Անոր խօսքով` Միացեալ Նահանգներ հաւատարիմ կը մնայ Փաշինեանի եւ այլ կողմերու հետ աշխատելու՝ աջակցելու հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման, նաեւ՝ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի համար:

Պայտըն նշած է նաեւ, որ այս տարի ԱՄՆ-Հայաստան նորացուած ռազմավարական երկխօսութիւնը վերահաստատած է յանձնառութիւնը երկկողմ յարաբերութիւններու մէջ կապերու ամրապնդման եւ ընդգծած է ԱՄՆ–ի աջակցութիւնը Հայաստանի ժողովրդավարական հետագծին:

ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարը ՀՀ զինուած ուժերու Գլխաւոր շտաբի պետի հետ քննարկած է սահմանի իրավիճակը
Նախորդ նիւթը

ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարը ՀՀ զինուած ուժերու Գլխաւոր շտաբի պետի հետ քննարկած է սահմանի իրավիճակը

ՄԱԿ-ի հայաստանեան գրասենեակի խումբը այցելած է ատրպէյճանական կրակոցներէն տուժած համայնքներ
Յաջորդ նիւթը

ՄԱԿ-ի հայաստանեան գրասենեակի խումբը այցելած է ատրպէյճանական կրակոցներէն տուժած համայնքներ

ԱնցնիլՎեր