ՄԱԿ-ի հայաստանեան գրասենեակի խումբը այցելած է ատրպէյճանական կրակոցներէն տուժած համայնքներ

ՄԱԿ-ի հայաստանեան գրասենեակի խումբը՝ ՄԱԿ-ի մշտական համակարգողի պաշտօնակատար Լիլա Փիթրս Եահիայի գլխաւորութեամբ, այցելած է Գեղարքունիքի մարզ` ատրպէյճանական գնդակոծութենէ տուժած համայնքներ։ Տեղեկութիւնը հրապարակուած է ՄԱԿ-ի հայաստանեան գրասենեակի դիմատետրեան էջին։ «ՄԱԿ-ի իմ գործընկերներու հետ այցելեցինք Գաւառ, Շատվան, Նորաբակ, Կութ, Սոթք։ Ականատես եղայ մարդոց՝ տղամարդոց, կանանց, երիտասարդներու եւ երեխաներու մեծ տխրութեանն ու տառապանքին. շատերը նախապէս եւս բախած են համայնքներու, ապրուստի միջոցներու եւ տուներու կորստի հետ: Խորապէս տպաւորուած եմ բնակիչներու տոկունութեամբ եւ իրենց երկրին մէջ խաղաղ եւ անվտանգ ապրելու համար իրենց իրաւունքները պաշտպանելու կոչերով», — ըսած է Լիլա Փիթրս Եահիան:
22 Սեպտեմբերի 2022
2 ր. ընթերցում
ՄԱԿ-ի հայաստանեան գրասենեակի խումբը այցելած է ատրպէյճանական կրակոցներէն տուժած համայնքներ

ՄԱԿ-ի հայաստանեան գրասենեակի խումբը՝ ՄԱԿ-ի մշտական համակարգողի պաշտօնակատար Լիլա Փիթրս Եահիայի գլխաւորութեամբ, այցելած է Գեղարքունիքի մարզ` ատրպէյճանական գնդակոծութենէ տուժած համայնքներ։ Տեղեկութիւնը հրապարակուած է ՄԱԿ-ի հայաստանեան գրասենեակի դիմատետրեան էջին։

«ՄԱԿ-ի իմ գործընկերներու հետ այցելեցինք Գաւառ, Շատվան, Նորաբակ, Կութ, Սոթք։ Ականատես եղայ մարդոց՝ տղամարդոց, կանանց, երիտասարդներու եւ երեխաներու մեծ տխրութեանն ու տառապանքին. շատերը նախապէս եւս բախած են համայնքներու, ապրուստի միջոցներու եւ տուներու կորստի հետ: Խորապէս տպաւորուած եմ բնակիչներու տոկունութեամբ եւ իրենց երկրին մէջ խաղաղ եւ անվտանգ ապրելու համար իրենց իրաւունքները պաշտպանելու կոչերով», — ըսած է Լիլա Փիթրս Եահիան:

Միացեալ Նահանգներ կանգնած է Հայաստանի կողքին. Պայտըն՝ Փաշինեանին
Նախորդ նիւթը

Միացեալ Նահանգներ կանգնած է Հայաստանի կողքին. Պայտըն՝ Փաշինեանին

Միջազգային հանրութիւնը յստակօրէն չի դատապարտեր Ալիեւը. ԱՄՆ պէտք է առաջնորդէ ճանապարհը. Ատամ Շիֆ
Յաջորդ նիւթը

Միջազգային հանրութիւնը յստակօրէն չի դատապարտեր Ալիեւը. ԱՄՆ պէտք է առաջնորդէ ճանապարհը. Ատամ Շիֆ

ԱնցնիլՎեր