ՀԱՊԿ-էն Օգնութիւն ստանալու ակնկալութիւնը սպառած. Արմէն Գրիգորեանէն դիտարկում

Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանն այսօր ըսած է, որ Հայաստանը ՀԱՊԿ-ի միջամտութեան յոյս այլեւս չունի: «Բնականաբար, այդպիսի յոյս եղել է, եւ, բնականաբար, այդ յոյսը ամբողջովին ի չիք է դարձել, եւ չկայ այդպիսի յոյս այլեւս։ Այն, որ ՀԱՊԿ-ը դեռեւս պատշաճ չի արձագանգել, որպէսզի ատրպէյճանական զօրքերն ամբողջութեամբ դուրս գան Հայաստանի ինքնիշխան տարածքից, նշանակում է, որ մեր ակնկալիքները չեն արդարացել», — ըսած է ան «Ազատութեան» հետ հարցազրոյցի ժամանակ: Նշենք, որ 15 Սեպտեմբերի երեկոյեան, ՀԱՊԿ Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի որոշման համաձայն, դիտարկման առաքելութիւն իրականացնելու նպատակով Հայաստան ժամանած է ՀԱՊԿ Միացեալ շտաբի խումբը, որ կը գլխաւորէ ՀԱՊԿ միացեալ շտաբի պետ, զօրավար-գնդապետ Անաթոլի Սիտորովը: Այս մասին
16 Սեպտեմբերի 2022
4 ր. ընթերցում
ՀԱՊԿ-էն Օգնութիւն ստանալու ակնկալութիւնը սպառած. Արմէն Գրիգորեանէն դիտարկում

Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանն այսօր ըսած է, որ Հայաստանը ՀԱՊԿ-ի միջամտութեան յոյս այլեւս չունի:

«Բնականաբար, այդպիսի յոյս եղել է, եւ, բնականաբար, այդ յոյսը ամբողջովին ի չիք է դարձել, եւ չկայ այդպիսի յոյս այլեւս։ Այն, որ ՀԱՊԿ-ը դեռեւս պատշաճ չի արձագանգել, որպէսզի ատրպէյճանական զօրքերն ամբողջութեամբ դուրս գան Հայաստանի ինքնիշխան տարածքից, նշանակում է, որ մեր ակնկալիքները չեն արդարացել», — ըսած է ան «Ազատութեան» հետ հարցազրոյցի ժամանակ:

Նշենք, որ 15 Սեպտեմբերի երեկոյեան, ՀԱՊԿ Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի որոշման համաձայն, դիտարկման առաքելութիւն իրականացնելու նպատակով Հայաստան ժամանած է ՀԱՊԿ Միացեալ շտաբի խումբը, որ կը գլխաւորէ ՀԱՊԿ միացեալ շտաբի պետ, զօրավար-գնդապետ Անաթոլի Սիտորովը: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՊՆ-էն։

Նոյն օրը զօրավար-գնդապետ Անաթոլի Սիտորովը ընդունած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանը: Պաշտպանական գերատեսչութեան ղեկավարը ներկայացուցած է 13 սեպտեմբերին Ատրպէյճանի իրականացուցած լայնածաւալ յարձակման հետեւանքով ստեղծուած իրադրութիւնը եւ առաջադրած յառաջիկայ դիտարկման առաքելութեան հետ կապուած խնդիրները:

Նախարարը յոյս յայտնած է, որ խումբը արդիւնաւէտ աշխատանք կ’իրականացնէ եւ ՀԱՊԿ Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդին կը ներկայացնէ մանրամասն եւ ճշգրիտ հաշուետւութիւն ստեղծուած իրադրութեան վերաբերեալ:

Յառաջիկայ օրերուն ՀԱՊԿ Միացեալ շտաբի խումբը համապատասխան աշխատանք պիտի կատարէ ՀՀ Զինուած Ուժերու գլխաւոր շտաբին մէջ եւ մարտական գործողութիւններու շրջաններուն մէջ:

Վստահելի տեղեկութիւններ կան, որ Ադրբեջանը ծրագրում է եւս մէկ ռազմական յարձակում. ՄԱԿ-ի մօտ ՀՀ-ի ներկայացուցիչին դիտարկումը
Նախորդ նիւթը

Վստահելի տեղեկութիւններ կան, որ Ադրբեջանը ծրագրում է եւս մէկ ռազմական յարձակում. ՄԱԿ-ի մօտ ՀՀ-ի ներկայացուցիչին դիտարկումը

«Իրավիճակը կը շարունակէ մնալ շատ լարուած». տեղի ունեցած է Փաշինեան-Փութին հեռախօսազրոյց
Յաջորդ նիւթը

«Իրավիճակը կը շարունակէ մնալ շատ լարուած». տեղի ունեցած է Փաշինեան-Փութին հեռախօսազրոյց

ԱնցնիլՎեր