ՀԱՊԿ-ը պատասխանած է կազմակերպութեան հասցէին Փաշինեանի խօսքերուն

Նիկոլ Փաշինեանի՝ հանրապետութեան խորհրդարանական ժամին հնչեցուցած ՀԱՊԿ-ի վերաբերեալ յայտարարութիւնները հաշուի առնուած են, կը շարունակուին խորհրդակցութիւններու կայացման աշխատանքները: Այս մասին յայտարարած է ՀԱՊԿ մամուլի քարտուղար Վլատիմիր Զայնետտինովը, գրած է «ՌԻԱ Նովոստի» գործակալութիւնը: «Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի տեղեկութիւնները հաշուի առնուած են: ՀԱՊԿ Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նախագահ Էմոմալի Ռահմոնի յանձնարարականներուն համապատասխան աշխատանքը կը շարունակուի», -ըսած է Զայնետտինովը: Զայնետտինովը յիշեցուցած է նաեւ, որ երեքշաբթի օր ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարի տեղակալ Վալերի Սեմերիքովը, պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան կոմիտէներու նախագահներու համակարգող հանդիպման ժամանակ յայտարարած է, որ հայ-ատրպէյճանական սահմանին իրավիճակը կը պահանջէ անյապաղ միջոցառումներ, առաջին հերթին քաղաքական եւ դիւանագիտական բնոյթի, ինչպէս նաեւ սահմանազատում եւ սահմանագծում՝ պետական սահմանի այս հատուածին: Չորեքշաբթի
27 Մայիսի 2021
4 ր. ընթերցում
ՀԱՊԿ-ը պատասխանած է կազմակերպութեան հասցէին Փաշինեանի խօսքերուն

Նիկոլ Փաշինեանի՝ հանրապետութեան խորհրդարանական ժամին հնչեցուցած ՀԱՊԿ-ի վերաբերեալ յայտարարութիւնները հաշուի առնուած են, կը շարունակուին խորհրդակցութիւններու կայացման աշխատանքները: Այս մասին յայտարարած է ՀԱՊԿ մամուլի քարտուղար Վլատիմիր Զայնետտինովը, գրած է «ՌԻԱ Նովոստի» գործակալութիւնը:

«Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի տեղեկութիւնները հաշուի առնուած են: ՀԱՊԿ Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նախագահ Էմոմալի Ռահմոնի յանձնարարականներուն համապատասխան աշխատանքը կը շարունակուի», -ըսած է Զայնետտինովը:

Զայնետտինովը յիշեցուցած է նաեւ, որ երեքշաբթի օր ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարի տեղակալ Վալերի Սեմերիքովը, պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան կոմիտէներու նախագահներու համակարգող հանդիպման ժամանակ յայտարարած է, որ հայ-ատրպէյճանական սահմանին իրավիճակը կը պահանջէ անյապաղ միջոցառումներ, առաջին հերթին քաղաքական եւ դիւանագիտական բնոյթի, ինչպէս նաեւ սահմանազատում եւ սահմանագծում՝ պետական սահմանի այս հատուածին:

Չորեքշաբթի Փաշինեանը, ելոյթ ունենալով Հայաստանի օրէնսդիր մարմնին մօտ, ըսած է, որ հայկական կողմը չի բացառեր ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին դիմելը Ատրպէյճանի հետ սահմանին տիրող իրավիճակի պատճառով, եթէ ՀԱՊԿ մեխանիզմները թոյլ չտան լուծել այս խնդիրը:  Բացի այդ, ան ըսած է, որ Հայաստանը գոհ չէ ՀԱՊԿ-ի «գործողութիւններու արագութենէն» Ատրպէյճանի հետ սահմանի խնդրի լուծման հարցով, եւ աւելցուցած է, որ կազմակերպութիւնը հրապարակաւ յստակ դիրքորոշում չէ յայտնած այս հարցին վերաբերեալ:

Գերեվարուած հայ զինծառայողները պէտք է անյապաղ եւ անվերապահ վերադարձուին. ՀՀ ԱԳՆ
Նախորդ նիւթը

Գերեվարուած հայ զինծառայողները պէտք է անյապաղ եւ անվերապահ վերադարձուին. ՀՀ ԱԳՆ

Միջազգային ճնշումը օրէ օր կ'աճի, կարծես թէ այս հարցի վերաբերեալ կայ միջազգային համաձայնութիւն. Արա Այվազեանը՝ հայ ռազմագերիներու վերադարձի մասին
Յաջորդ նիւթը

Միջազգային ճնշումը օրէ օր կ’աճի, կարծես թէ այս հարցի վերաբերեալ կայ միջազգային համաձայնութիւն. Արա Այվազեանը՝ հայ ռազմագերիներու վերադարձի մասին

ԱնցնիլՎեր