Հարաւային, հարաւ-արեւելեան, հիւսիսային եւ հիւսիս-արեւելեան ուղղութիւններով վերսկսած են հրետակոծութիւնները

Պաշտպանութեան բանակէն կը յայտնեն, որ գիշերուան ընթացքին արցախա-ատրպէյճանական հակամարտութեան գօտիին վրայ պահպանուած է յարաբերական կայուն լարուածութիւնը: Առանձին հատուածներու մէջ տարբեր ուժգնութեամբ շարունակուած են հրետանային մենամարտերը: Առաւօտեան հարաւային, հարաւ-արեւելեան, հիւսիսային եւ հիւսիս-արեւելեան ուղղութիւններով հակառակորդը, խախտելով մարդասիրական հրադադարը, վերսկսած է հրթիռահրետանային հրետակոծութիւնները՝ յատկապէս  կրակ բանալով հարաւ-արեւելեան, հիւսիսային եւ հիւսիս-արեւելեան հատուածներուն մէջ: ՊԲ ստորաբաժանումները հակառակորդի նախայարձակ աշխոյժութիւնը կասեցնելու համար ճակատային գիծի բոլոր ուղղութիւններով կը ձեռնարկեն համարժէք գործողութիւններ՝ շարունակելով վստահօրէն իրականացնել հայրենիքի սահմաններու պաշտպանութեան սրբազան առաքելութիւնը:
14 Հոկտեմբերի 2020
2 ր. ընթերցում
Հարաւային, հարաւ-արեւելեան, հիւսիսային եւ հիւսիս-արեւելեան ուղղութիւններով վերսկսած են հրետակոծութիւնները

Պաշտպանութեան բանակէն կը յայտնեն, որ գիշերուան ընթացքին արցախա-ատրպէյճանական հակամարտութեան գօտիին վրայ պահպանուած է յարաբերական կայուն լարուածութիւնը: Առանձին հատուածներու մէջ տարբեր ուժգնութեամբ շարունակուած են հրետանային մենամարտերը:

Առաւօտեան հարաւային, հարաւ-արեւելեան, հիւսիսային եւ հիւսիս-արեւելեան ուղղութիւններով հակառակորդը, խախտելով մարդասիրական հրադադարը, վերսկսած է հրթիռահրետանային հրետակոծութիւնները՝ յատկապէս  կրակ բանալով հարաւ-արեւելեան, հիւսիսային եւ հիւսիս-արեւելեան հատուածներուն մէջ:

ՊԲ ստորաբաժանումները հակառակորդի նախայարձակ աշխոյժութիւնը կասեցնելու համար ճակատային գիծի բոլոր ուղղութիւններով կը ձեռնարկեն համարժէք գործողութիւններ՝ շարունակելով վստահօրէն իրականացնել հայրենիքի սահմաններու պաշտպանութեան սրբազան առաքելութիւնը:

Ռուսաստանն աշխուժօրէն կը մասնակցի Ղարաբաղի վիճակի կայունացման
Նախորդ նիւթը

Ռուսաստանն աշխուժօրէն կը մասնակցի Ղարաբաղի վիճակի կայունացման

Պահեստազօրի մարզումները (Տեսանիւթ)
Յաջորդ նիւթը

Պահեստազօրի մարզումները (Տեսանիւթ)

ԱնցնիլՎեր