Ռուսաստանն աշխուժօրէն կը մասնակցի Ղարաբաղի վիճակի կայունացման

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը աշխոյժ մասնակցութիւն կը ցուցաբերէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին մէջ իրավիճակի կայունացման համար: Այս մասին այսօր լրագրողներուն հաղորդած են Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութենէն, կը հաղորդէ ԹԱՍՍ-ը: «Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը իր իրաւասութիւններու սահմաններուն մէջ կը ցուցաբերէ աշխոյժ մասնակցութիւն Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակի շուտափոյթ կայունացման ուղղութեամբ Ռուսիոյ նախաձեռնութեան իրականացման գործին մէջ»։ Մասնաւորապէս ՌԴ Պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուն բանակցութիւններ կը վարէ տարբեր երկիրներու իր գործընկերներուն հետ: «Այդ աշխատանքի գլխաւոր նպատակը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարտական գործողութիւններու անյապաղ դադրեցումն է եւ տարածաշրջանին մէջ իրավիճակի կարգաւորման նպատակով հակամարտութեան կողմերու բանակցութիւններու վերսկսումը»,-ընդգծած են նախարարութենէն:
13 Հոկտեմբերի 2020
2 ր. ընթերցում
Ռուսաստանն աշխուժօրէն կը մասնակցի Ղարաբաղի վիճակի կայունացման

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը աշխոյժ մասնակցութիւն կը ցուցաբերէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին մէջ իրավիճակի կայունացման համար: Այս մասին այսօր լրագրողներուն հաղորդած են Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութենէն, կը հաղորդէ ԹԱՍՍ-ը:

«Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը իր իրաւասութիւններու սահմաններուն մէջ կը ցուցաբերէ աշխոյժ մասնակցութիւն Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակի շուտափոյթ կայունացման ուղղութեամբ Ռուսիոյ նախաձեռնութեան իրականացման գործին մէջ»։

Մասնաւորապէս ՌԴ Պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուն բանակցութիւններ կը վարէ տարբեր երկիրներու իր գործընկերներուն հետ: «Այդ աշխատանքի գլխաւոր նպատակը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարտական գործողութիւններու անյապաղ դադրեցումն է եւ տարածաշրջանին մէջ իրավիճակի կարգաւորման նպատակով հակամարտութեան կողմերու բանակցութիւններու վերսկսումը»,-ընդգծած են նախարարութենէն:

Ատրպէյճան լայնածաւալ գործողութիւններ սկսաւ ամբողջ սահմանին. Վահրամ Պօղոսեան
Նախորդ նիւթը

Ատրպէյճան լայնածաւալ գործողութիւններ սկսաւ ամբողջ սահմանին. Վահրամ Պօղոսեան

Հարաւային, հարաւ-արեւելեան, հիւսիսային եւ հիւսիս-արեւելեան ուղղութիւններով վերսկսած են հրետակոծութիւնները
Յաջորդ նիւթը

Հարաւային, հարաւ-արեւելեան, հիւսիսային եւ հիւսիս-արեւելեան ուղղութիւններով վերսկսած են հրետակոծութիւնները

ԱնցնիլՎեր