ՀՀ Անկախութեան տօնին առթիւ Հայաստանի առաջին դէմքերը այցելեցին Եռաբլուր

Անկախութեան 28-րդ տարեդարձի կապակցութեամբ 21 սեպտեմբերին քաղաքական վերնախաւը  այցելած է «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն, յարգանքի տուրք մատուցելու անկախութեան համար նահատկներու յիշատակին:  «Եռաբլուր» այցելած են են Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, ՀՀ նախագահ՝ Արմէն Սարգսեան, Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան, Գարեգին Բ-ն, ԱԺ նախագահ՝ Արարատ Միրզոյեան, պաշտպանութեան նախարար՝ Դաւիթ Տոնոյեան, Անվտանգութեան խորհրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան, փոխվարչապետներ՝ Մհեր Գրիգորեան, Տիգրան Ավինեանը, գլխաւոր շտապի պետ Արտակ Դաւթեան, կառավարութեան անդամներ ու պատգամաւորներ: Անոնք ծաղիկներ դրած են սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի, Անդրանիկ Օզանեանի շիրիմներուն վրայ եւ ծաղկեպսակ՝ նահատակ ազատամարտիկներու յիշատակը յաւերժացնող յուշահամալիրին: Նշենք, որ այս տարի Անկախութեան օրուայ հիմնական միջոցառումները տեղի կ’ունենան Գիւմրիի մէջ: Վարչապետը այսօր պիտի մեկնի ԱՄՆ:
21 Սեպտեմբերի 2019
2 ր. ընթերցում
ՀՀ Անկախութեան   տօնին  առթիւ Հայաստանի  առաջին դէմքերը   այցելեցին Եռաբլուր

Անկախութեան 28-րդ տարեդարձի կապակցութեամբ 21 սեպտեմբերին քաղաքական վերնախաւը  այցելած է «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն, յարգանքի տուրք մատուցելու անկախութեան համար նահատկներու յիշատակին:

 «Եռաբլուր» այցելած են են Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, ՀՀ նախագահ՝ Արմէն Սարգսեան, Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան, Գարեգին Բ-ն, ԱԺ նախագահ՝ Արարատ Միրզոյեան, պաշտպանութեան նախարար՝ Դաւիթ Տոնոյեան, Անվտանգութեան խորհրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան, փոխվարչապետներ՝ Մհեր Գրիգորեան, Տիգրան Ավինեանը, գլխաւոր շտապի պետ Արտակ Դաւթեան, կառավարութեան անդամներ ու պատգամաւորներ:

Անոնք ծաղիկներ դրած են սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի, Անդրանիկ Օզանեանի շիրիմներուն վրայ եւ ծաղկեպսակ՝ նահատակ ազատամարտիկներու յիշատակը յաւերժացնող յուշահամալիրին:

Նշենք, որ այս տարի Անկախութեան օրուայ հիմնական միջոցառումները տեղի կ’ունենան Գիւմրիի մէջ: Վարչապետը այսօր պիտի մեկնի ԱՄՆ:

Հայազգի յայտնի մարզիկ Եուրի Ճորքայէֆ Հայաստան պիտի այցելէ
Նախորդ նիւթը

Հայազգի յայտնի մարզիկ Եուրի Ճորքայէֆ Հայաստան պիտի այցելէ

Այսօր մեր մեծագոյն խնդիրը Հայաստանի տնտեսական զարգացումն է
Յաջորդ նիւթը

Այսօր մեր մեծագոյն խնդիրը Հայաստանի տնտեսական զարգացումն է

ԱնցնիլՎեր