ՀՀ-ի մէջ Իրանի դեսպանն այցելած է Վերին Շորժայի հատուածի սահմանագիծ

3 Օգոստոսին ՀՀ-ի մէջ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան (ԻԻՀ) արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ապպաս Պատախշան Զոհուրին եւ ՀՀ-ի մէջ ԻԻՀ դեսպանութեան ռազմական կցորդ, գնդապետ Պահման Սատեղինը ՀՀ ՊՆ ներկայացուցիչներու ուղեկցութեամբ այցելած են Գեղարքունիքի մարզ։ Այս մասին կը տեղեկանանք ՀՀ ՊՆ տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան տարածած հաղորդագրութենէն: Զօրամիաւորման հրամանատար, զօրավար-մայոր Արայիկ Յարութիւնեանը դեսպանին ներկայացուցած է հայ-ատրպեճանական սահմանին տիրող իրավիճակը, որմէ ետք կազմակերպուած է այց Վերին Շորժայի հատուածի սահմանագիծ: Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ԻԻՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպանը, մտահոգութիւն յայտնելով երկու երկիրներու սահմանային վէճերու շարունակութեան կապակցութեամբ ընդգծած է երկու կողմերու զսպուածութեան եւ երկու երկիրներու միջեւ վէճերու խաղաղ կարգաւորման անհրաժեշտութիւնը: Ան իր ցաւակցութիւնը
3 Օգոստոսի 2021
4 ր. ընթերցում
ՀՀ-ի մէջ Իրանի դեսպանն այցելած է Վերին Շորժայի հատուածի սահմանագիծ

3 Օգոստոսին ՀՀ-ի մէջ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան (ԻԻՀ) արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ապպաս Պատախշան Զոհուրին եւ ՀՀ-ի մէջ ԻԻՀ դեսպանութեան ռազմական կցորդ, գնդապետ Պահման Սատեղինը ՀՀ ՊՆ ներկայացուցիչներու ուղեկցութեամբ այցելած են Գեղարքունիքի մարզ։ Այս մասին կը տեղեկանանք ՀՀ ՊՆ տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան տարածած հաղորդագրութենէն:

Զօրամիաւորման հրամանատար, զօրավար-մայոր Արայիկ Յարութիւնեանը դեսպանին ներկայացուցած է հայ-ատրպեճանական սահմանին տիրող իրավիճակը, որմէ ետք կազմակերպուած է այց Վերին Շորժայի հատուածի սահմանագիծ:

Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ԻԻՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպանը, մտահոգութիւն յայտնելով երկու երկիրներու սահմանային վէճերու շարունակութեան կապակցութեամբ ընդգծած է երկու կողմերու զսպուածութեան եւ երկու երկիրներու միջեւ վէճերու խաղաղ կարգաւորման անհրաժեշտութիւնը: Ան իր ցաւակցութիւնը յայտնած է վերջին ընդհարումներու ընթացքին զոհուած զինծառայողներու ընտանիքներուն։

Պարզաբանելով բոլոր կողմերու` միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմանները յարգելու անհրաժեշտութիւնը, դեսպան Զոհուրին նշած է, որ Հարաւային Կովկասի մէջ տեւական խաղաղութեան ապահովումը կը բխի տարածաշրջանի ժողովուրդներու շահերէն եւ յայտնած է Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան պատրաստակամութիւնը՝ աջակցելու տարածաշրջանին մէջ տեւական խաղաղութեան հաստատման հարցով:

Ռուբէն Ռուբինեանն ընտրուած է ԱԺ փոխնախագահ
Նախորդ նիւթը

Ռուբէն Ռուբինեանն ընտրուած է ԱԺ փոխնախագահ

Թոքիօ-2020. Արթուր Ալեքսանեանն այժմ ունի Ողիմպիական խաղերու բոլոր մետալները. ան նուաճեց արծաթեայ մետալ
Յաջորդ նիւթը

Թոքիօ-2020. Արթուր Ալեքսանեանն այժմ ունի Ողիմպիական խաղերու բոլոր մետալները. ան նուաճեց արծաթեայ մետալ

ԱնցնիլՎեր