ՀՀ կառավարութենէն 158 միլիոն դրամի օգնութիւն՝ երկրաշարժէն տուժած Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ

Երկրաշարժէն տուժած Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ սնունդ եւ անկողնային պարագաներ տրամադրելու նպատակով ՀՀ կառավարութեան պահուստային ֆոնտէն յատկացուած է 157 816 100 դրամ։ Որոշումը ընդունուած է ՀՀ կառավարութեան 16 փետրուարի նիստին։ Մարդասիրական օգնութեան համար նախատեսուած գումարը տրամադրուած է ՀՀ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան։ Յիշեցնենք, որ 6 փետրուարին` ժամը 05.17–ին, Թուրքիոյ Ղահրաման Մարաշ գաւառին մէջ երկրաշարժ տեղի ունեցած է, որ աւերած է շարք մը քաղաքներ։ Երկրաշարժի զոհերու թիւը հասած է մօտ 36 000-ի: Նշենք, որ որոնողափրկարարական խումբերը Հայաստանէն Թուրքիա եւ Սուրիա մեկնած են 8 փետրուարին։ Երկրաշարժէն տուժած երկիրներուն Հայաստանը շուրջ 200 թոն մարդասիրական օգնութիւն տրամադրած է` սնունդ, հագուստ, դեղորայք։
16 Փետրվարի 2023
2 ր. ընթերցում
ՀՀ կառավարութենէն 158 միլիոն դրամի օգնութիւն՝ երկրաշարժէն տուժած Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ

Երկրաշարժէն տուժած Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ սնունդ եւ անկողնային պարագաներ տրամադրելու նպատակով ՀՀ կառավարութեան պահուստային ֆոնտէն յատկացուած է 157 816 100 դրամ։

Որոշումը ընդունուած է ՀՀ կառավարութեան 16 փետրուարի նիստին։

Մարդասիրական օգնութեան համար նախատեսուած գումարը տրամադրուած է ՀՀ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան։

Յիշեցնենք, որ 6 փետրուարին` ժամը 05.17–ին, Թուրքիոյ Ղահրաման Մարաշ գաւառին մէջ երկրաշարժ տեղի ունեցած է, որ աւերած է շարք մը քաղաքներ։ Երկրաշարժի զոհերու թիւը հասած է մօտ 36 000-ի:

Նշենք, որ որոնողափրկարարական խումբերը Հայաստանէն Թուրքիա եւ Սուրիա մեկնած են 8 փետրուարին։

Երկրաշարժէն տուժած երկիրներուն Հայաստանը շուրջ 200 թոն մարդասիրական օգնութիւն տրամադրած է` սնունդ, հագուստ, դեղորայք։

ԵԽԽՎ համազեկուցողները փաստահաւաք այցով պիտի ժամանեն Հայաստան
Նախորդ նիւթը

ԵԽԽՎ համազեկուցողները փաստահաւաք այցով պիտի ժամանեն Հայաստան

Հայաստանը Պաքուին փոխանցած է խաղաղութեան պայմանագրի վերաբերեալ առաջարկները
Յաջորդ նիւթը

Հայաստանը Պաքուին փոխանցած է խաղաղութեան պայմանագրի վերաբերեալ առաջարկները

ԱնցնիլՎեր