ՀՀ կառավարութիւնը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Սիլիքոնեան հովիտի Տրեփերի ձեռներեցութեան դպրոցին մէջ ուսանելու համար պետական կրթաթոշակ պիտի տրամադրէ հայ երիտասարդներուն:
«Արմէնբրես»-ի փոխանցմամբ` այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է ՀՀ բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախարար Յակոբ Արշակեանը:
«Մենք վարչապետի գլխաւորութեամբ վերջերս Սիլիքոնեան հովիտ էինք: Շատ կարեւոր պայմանաւորուածութիւն մը ձեռք բերինք` ՀՀ կառավարութիւնն առաջին անգամ պետական կրթաթոշակ պիտի տրամադրէ հայ երիտասարդներուն` ուսանելու Սիլիքոնեան հովտին մէջ: Կրթական բացառիկ ծրագիրը պիտի հոգայ ընտրուած այն ձեռներեցներու ուսման հետ կապուած բոլոր ծախսերը, որոնք կը ցանկան եւ կը դիմեն այդ ծրագրին, եւ հնարաւորութիւն կը ստանան 7 շաբաթ տեւողութեամբ ձեռներեցութեան եւ պիզնես դասընթացներ անցնելու Տրեփերի համալսարանէն ներս»,- ըսած է Արշակեանը:
Նախարարը նշած է, որ Տրեփերի համալսարանին մէջ կը դասաւանդեն յայտնի եւ յաջողակ ձեռներեցներ:
Դիմելու համար անցնիլ հետեւեալ յղումով՝ https://www.draperuniversity.com/apply:
Լաւագոյնները պիտի ընտրուիմ Տրեյփերի համալսարանի եւ ԲՏԱՆ կողմիէ լիազօրուած յատուկ յանձնաժողովի անդամներու կողմէ: