Ատրպէյճանի ԶՈւ-ն կրակ բացած է Իջեւան-Նոյեմբերեան մայրուղիի եւ Կոթի գիւղի ուղղութեամբ. Արծրուն Յովհաննիսեան

Երէկ ժամը 22:00-22:30-ի սահմաններուն Ատրպէյճանի Զինուած ուժերը կրակ բացած են Իջեւան-Նոյեմբերեան մայրուղիի եւ Կոթի գիւղի ուղղութեամբ: Այս մասին ֆէյսպուքեան իր էջին գրառում կատարած է ՊՆ մամլոյ խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեանը։ «Այսօր ժամը 22:00-22:30-ի սահմաններուն Ատրպէյճանական Զինուած ուժերը կրակ բացած են Իջեւան-Նոյեմբերեան մայրուղիի եւ Կոթի գիւղի ուղղութեամբ: ՀՀ Զինուած ուժերու պատասխան կրակէն ետք հակառակորդը դադրեցուցած է կրակը»,-ըսուած է գրառման մէջ: Յովհաննիսեանը նշած է, որ ՀՀ Զինուած ուժերու կողմէ կորուստներ չկան: «Ռեֆորմիսթներ» կուսակցութեան նախագահ Վահան Պապաեանն ալ իր ֆէյսպուքեան էջին գրառում կատարած է, որուն մէջ մասնաւորապէս նշած է, որ փակ է Երեւան-Վրաստան միջպետական ճանապարհի Բաղանիս-Ոսկեպար հատուածը: «Զիս տեղեկացուցին, որ Հայ-ատրպէյճանական սահմանի Բաղանիս-Ոսկեպար-Ոսկեւան հատուածին
18 Դեկտեմբերի 2019
3 ր. ընթերցում
Ատրպէյճանի ԶՈւ-ն կրակ բացած է Իջեւան-Նոյեմբերեան մայրուղիի եւ Կոթի գիւղի ուղղութեամբ. Արծրուն Յովհաննիսեան

Երէկ ժամը 22:00-22:30-ի սահմաններուն Ատրպէյճանի Զինուած ուժերը կրակ բացած են Իջեւան-Նոյեմբերեան մայրուղիի եւ Կոթի գիւղի ուղղութեամբ: Այս մասին ֆէյսպուքեան իր էջին գրառում կատարած է ՊՆ մամլոյ խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեանը։

«Այսօր ժամը 22:00-22:30-ի սահմաններուն Ատրպէյճանական Զինուած ուժերը կրակ բացած են Իջեւան-Նոյեմբերեան մայրուղիի եւ Կոթի գիւղի ուղղութեամբ: ՀՀ Զինուած ուժերու պատասխան կրակէն ետք հակառակորդը դադրեցուցած է կրակը»,-ըսուած է գրառման մէջ:

Յովհաննիսեանը նշած է, որ ՀՀ Զինուած ուժերու կողմէ կորուստներ չկան:

«Ռեֆորմիսթներ» կուսակցութեան նախագահ Վահան Պապաեանն ալ իր ֆէյսպուքեան էջին գրառում կատարած է, որուն մէջ մասնաւորապէս նշած է, որ փակ է Երեւան-Վրաստան միջպետական ճանապարհի Բաղանիս-Ոսկեպար հատուածը:

«Զիս տեղեկացուցին, որ Հայ-ատրպէյճանական սահմանի Բաղանիս-Ոսկեպար-Ոսկեւան հատուածին մէջ հակառակորդը խախտած է հրադադարը։ Մօտ կէս ժամ է անդադար կը կրակեն։ Փակ է Երեւան֊Վրաստան միջպետական ճանապարհի Բաղանիս Ոսկեպար հատուածը: Մեքենաները շրջանցիկով կ’երթեւեկեն»,-ըսուած է գրառման մեջ։

Շնորհակալութիւն ՌԱԿ-ին. Մասիս Մայիլեան
Նախորդ նիւթը

Շնորհակալութիւն ՌԱԿ-ին. Մասիս Մայիլեան

ՀՀ կառավարութիւնը առաջին անգամ պետական կրթաթոշակ պիտի տրամադրէ հայ երիտասարդներուն՝ ուսանելու Սիլիքոնեան հովիտին մէջ
Յաջորդ նիւթը

ՀՀ կառավարութիւնը առաջին անգամ պետական կրթաթոշակ պիտի տրամադրէ հայ երիտասարդներուն՝ ուսանելու Սիլիքոնեան հովիտին մէջ

ԱնցնիլՎեր