ՀՀ-ն բոլոր անհրաժեշտ միջոցները պիտի ձեռնարկէ Ատրպէյճանին խաղաղութիւն պարտադրելու համար. ԱԳՆ

ՀՀ ԱԳՆ յայտարարութիւնը Ատրպէյճանի կողմէ 17 հոկտեմբերին համաձայնուած մարդասիրական զինադադարի խախտման վերաբերեալ հանդէս եկած է յայտարարութեամբ․ «Արցախի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան բանակը յայտնած է, որ Ատրպէյճանի զինուած ուժերը հերթական անգամ կոպտօրէն խախտած են նոր մարդասիրական զինադադարը, եւ 18 հոկտեմբերին ժամը 07:20-ին հրետանային ուժգին կրակէ ետք բարենպաստ դիրքեր գրաւելու նպատակով յարձակում ձեռնարկած է հարաւային ուղղութեամբ: Ատրպէյճանը արդէն երկրորդ անգամ կը խախտէ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահող երկրի ղեկավարի անձնական միջամտութեամբ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնը կրակի դադարեցման վերաբերեալ՝ այդպիսով միջազգային հանրութեան ի ցոյց դնելով իր ուխտադրուժ էութիւնը, որուն հետ մենք գործ ունինք արդէն տասնամեակներ: Հայաստանը պիտի շարունակէ ձեռնարկել բոլոր անհրաժեշտ միջոցները պարտադրելու Ատրպէյճանին խաղաղութիւն եւ հաստատելու
18 Հոկտեմբերի 2020
3 ր. ընթերցում
ՀՀ-ն բոլոր անհրաժեշտ միջոցները պիտի ձեռնարկէ Ատրպէյճանին խաղաղութիւն պարտադրելու համար. ԱԳՆ

ՀՀ ԱԳՆ յայտարարութիւնը Ատրպէյճանի կողմէ 17 հոկտեմբերին համաձայնուած մարդասիրական զինադադարի խախտման վերաբերեալ հանդէս եկած է յայտարարութեամբ․

«Արցախի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան բանակը յայտնած է, որ Ատրպէյճանի զինուած ուժերը հերթական անգամ կոպտօրէն խախտած են նոր մարդասիրական զինադադարը, եւ 18 հոկտեմբերին ժամը 07:20-ին հրետանային ուժգին կրակէ ետք բարենպաստ դիրքեր գրաւելու նպատակով յարձակում ձեռնարկած է հարաւային ուղղութեամբ:

Ատրպէյճանը արդէն երկրորդ անգամ կը խախտէ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահող երկրի ղեկավարի անձնական միջամտութեամբ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնը կրակի դադարեցման վերաբերեալ՝ այդպիսով միջազգային հանրութեան ի ցոյց դնելով իր ուխտադրուժ էութիւնը, որուն հետ մենք գործ ունինք արդէն տասնամեակներ:

Հայաստանը պիտի շարունակէ ձեռնարկել բոլոր անհրաժեշտ միջոցները պարտադրելու Ատրպէյճանին խաղաղութիւն եւ հաստատելու կրակի դադարեցման ռեժիմ՝ տեղուոյն վրայ այդ ռեժիմի պահպանման եւ ստուգման յստակ եւ գործուն մեխանիզմներու ներդրման հետ մէկտեղ»:

Խոցուած է հակառակորդի 4 հրասայլ. Շուշան Ստեփանեան
Նախորդ նիւթը

Խոցուած է հակառակորդի 4 հրասայլ. Շուշան Ստեփանեան

Եւս 40 զոհ. Հայ նահատակներու թիւը հասաւ 673-ի
Յաջորդ նիւթը

Եւս 40 զոհ. Հայ նահատակներու թիւը հասաւ 673-ի

ԱնցնիլՎեր